ԴԷՊԻ ՎԱՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին գլխաւորեց դէպի Վան տարեկան ուխտագնացութիւնը։ Այսպէս, ան երէկ նախագահեց Վանայ լճի Աղթամար կղզիի՝ այժմ թանգարանի վերածուած երբեմնի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ տարեկան Ս. Պատարագին, զոր մատոյց Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։ Արարողութիւններուն մասնակցեցան Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասէն Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան, Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան «Արմաշ» դպրաց խումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան եւ այլ դպիրներ։ Ներկայ էին նաեւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններէ ներկայացուցիչներ եւ այլ պաշտօնատարներ։
Ս. Պատարագի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Բազմաթիւ ուխտաւորներ ստացան Ս. Հաղորդութիւն։ Ս. Պատարագէն վերջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին վերյիշուեցան Աղթամարի երբեմնի կաթողիկոսութեան հանգուցեալ սպասաւորները, այժմ թանգարանի վերածուած երբեմնի հայրապետանիստ եկեղեցւոյ կառուցման բարերար Գագիկ Արծրունի թագաւորը, տաճարի ճարտարապետ Մանուէլ վարդապետը, Աղթամար գահակալած Ամենայն Հայոց կաթողիկոսները, Մեծի Տանն Աղթամարայ կաթողիկոսները եւ երբեմնի Աթոռի համայն միաբանները, նաեւ Վանի երբեմնի թեմի ի Քրիստոս հանգուցեալ համայն հաւատացեալները։ Եկեղեցական արարողութիւններու վերջաւորութիւնը բնորոշեց հանդիսաւոր Անդաստանը, նոյնպէս Նորին Ամենապատուութեան հանդիսապետութեամբ։
Այս բոլորէն վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, հոգեւորականներն ու սպասաւորներու խումբը Վանայ լճի ափին սիրոյ սեղանի մը շուրջ համախմբուեցան եւ նոյն երեկոյեան արդէն վերադարձան Իսթանպուլ։
Միւս կողմէ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կարճ կեցութեան ընթացքին քաղաքավարական այցելութիւն մըն ալ տուաւ Վանի կուսակալ Օզան Պալճըին։ Սիրալիր զրոյցէն վերջ տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։