ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԱՌԹԻՒ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՆԴԷՍ

2024-2025 կրթական շրջանը Գալֆաեան տան մէջ սկսաւ բարձր տրամադրութեամբ։ Վարժարանի աշակերտութիւնը ջերմօրէն շրջապատուեցաւ բոլոր պատասխանատուներու, նաեւ ծնողներու եւ հիւրերու կողմէ։ Վերամուտի հանդէսին տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ բոլորը շնորհաւորեց եւ մաղթեց արդիւնաւէտ տարեշրջան մը։ Յայտագրին մաս կազմեցին արտասանութիւններ եւ այլ ելոյթներ, որոնք արժանացան ծափահարութիւններու եւ բազմապատկեցին խանդավառութիւնը։

Հուսկ, առաջին զանգը հնչեց եւ աշակերտները ուղղուեցան դէպի դասարաններ, ուր դասընկերներու եւ ուսուցիչներու հետ զիրար վերագտած ըլլալու հրճուանքը անանտեսելի էր:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2024