ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԵՐԵՒԱՆԻ «ԹՈՒՄՕ» ԿԵԴՐՈՆԷՆ ՀԻՒՐ ՄԸ
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ երէկ հիւրընկալուեցաւ Երեւանի «ԹՈՒՄՕ» կեդրոնէն ժամանած մասնագէտ մը՝ Սուզաննա Գալստեան։ «ԹՈՒՄՕ»ի ներկայացուցիչը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ վարժարանի տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանի եւ փոխ-տնօրէն Դաւիթ Խաչատրեանի գլխաւորութեամբ։ Ներկայ էին նաեւ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլուները, որոնք կը գլխաւորեն դպրոցի կամաւոր հոգաբարձուները։
Սուզաննա Գալստեանի գլխաւորութեամբ «Հրանդ Տինք» վարժարանի սաները փորձագիտական զանազան վարժութիւններ կատարեցին, ինչ որ իրենց տեսակէտէ թէ՛ հետաքրքրական էր եւ թէ օգտակար։ Վարժարանի տնօրէնութիւնը «ԹՈՒՄՕ»ի մասնագէտի ներկայութեան եզակի հնարաւորութենէն օգտուելու առիթ ընձեռած էր նաեւ իսթանպուլահայ միւս համայնքային վարժարաններուն համար։ Այսպէս, մեր զանազան միջնակարգերէն աշակերտներ համախմբուեցան «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ, ուր հետեւեցան ու մասնակից դարձան Սուզաննա Գալստեանի կողմէ գլխաւորուած վարժութիւններուն։
Այս ծրագիրը առիթ հանդիսացաւ նաեւ, որպէսզի «Հրանդ Տինք» վարժարանի սաներուն եւ համայնքային միւս վարժարաններու աշակերտութեան միջեւ անմիջական շփման հնարաւորութիւն մը ստեղծուի, միասնաբար արտադրելու եւ միասնաբար սորվելու միջավային մէջ։
Սուզաննա Գալստեան երկու շաբթուան համար եկած է քաղաքս։ Ան Երեւանի «ԹՈՒՄՕ» ստեղծագործական փորձագիտութիւններու կեդրոնի յայտնի մասնագէտներէն մին է՝ մարդամեքենաներու (ռոպոթ) պատրաստութեան ուղղութեամբ։ Իր գլխաւորութեամբ մարդամեքենաշինութեան աշխատանք կը տանին աշակերտները՝ ծրագրաւորման փուլէն սկսեալ մինչեւ կառուցումը։ Բացի «Հրանդ Տինք» վարժարանէն, մեր համայնքէն վեց կրթօճախներու աշակերտներ եւս մասնակցութիւն կը բերեն այս նախագծին։ Անոնք են՝ Էսաեան վարժարանը, Սահակեան-Նունեան վարժարանը, Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանը, Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանը, Պէզճեան Մայր վարժարանն ու Գարակէօզեան Տունը։
Նախատեսուած աշխատանքներու աւարտին՝ յառաջիկայ Հոկտեմբերի 22-ին աշակերտները պիտի ներկայացնեն իրենց տարած աշխատանքին արդիւնքը ու պիտի ջանան շարժման անցընել իրենց կողմէ պատրաստուելիք մարդամեքենաները։