ՔԸՐՄԸԶԵԱՆ ԱՄՈԼԻՆ Ի ՊԱՏԻՒ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՍԵՂԱՆ՝ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Սկիւ­տա­րի գե­րեզ­մա­նա­տան Ս. Խաչ թա­ղա­մա­սէն ներս ար­քու­նի ճար­տա­րա­պե­տաց Պա­լեան գեր­դաս­տա­նի ան­դամ­նե­րու վե­րա­նո­րո­գեալ կո­թո­ղա­յին դամ­բա­րա­նի բաց­ման ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Ծա­նօթ է, որ այդ շի­րի­մը վե­րա­կա­ռու­ցուե­ցաւ Հրաչ եւ Յա­կոբ Քըր­մը­զեան եղ­բայր­նե­րու նուի­րա­տուու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ «Հայ­ճա­ր­»ի եւ Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­դաշ­նակ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։ Եր­կար ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը տե­ւած այս աշ­խա­տանք­նե­րը պսա­կուե­ցան դրա­կան ար­դիւն­քով մը, ինչ որ բնա­կա­նա­բար մեծ ու­րա­խու­թիւն եւ բա­ւա­րա­րու­թիւն պատ­ճա­ռած է այս ծրագ­րին ներգ­րա­ւուած բո­լոր կող­մե­րուն։

Կը տե­ղե­կա­նանք, որ ան­ցեալ Կի­րա­կի Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մե­ծա­րան­քի սե­ղան մը սար­քուե­ցաւ ի պա­տիւ Քըր­մը­զեան ըն­տա­նի­քին։ Տէր եւ Տի­կին Հրաչ Քըր­մը­զեան Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ «Հայ­ճար»ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ մաս­նակ­ցե­ցաւ կի­րակ­նօ­րեայ Ս. Պա­տա­րա­գին։ Յա­ւարտ ա­րա­րո­ղու­թեան յա­րա­կից «Կիւլ­պէ­նեան» սրա­հի եր­դի­քին տակ հիւ­րե­րը ճա­շա­սե­ղա­նով մը մե­ծա­րուե­ցան Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Յով­հան­նէս Կո­պո­յեա­նի եւ իր ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ։ Ջերմ ու ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ ան­ցաւ այս հա­ւա­քոյ­թը, ո­րու ըն­թաց­քին սի­րոյ սե­ղա­նի շուրջ հա­մախմ­բուած ներ­կա­նե­րը տօ­նախմ­բե­ցին ի­րենց հա­մա­տեղ աշ­խա­տան­քով ա­պա­հո­վուած ձեռք­բե­րու­մը։

Բո­լոր ներ­կա­նե­րը բարձր գնա­հա­տան­քով ու ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ ար­տա­յայ­տուե­ցան Քըր­մը­զեան ըն­տա­նի­քի կող­մէ ցու­ցա­բե­րուած պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան եւ զգայ­նու­թեան մա­սին։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2016