ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԿՐԿՆԱԿ ՅՈԲԵԼԵԱՆՆԵՐՈՒՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՀԱՄԵՐԳՆԵՐՈՒՆ

Սամաթիոյ ընտանիքը ներկայիս կը նշէ թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ դպրաց դասու հիմնադրութեան 315 եւ Սահակեան երգչախումբի կազմութեան 80-ամեայ կրկնակ յոբելեանները։ Այս առթիւ կը նախատեսուին շարք մը ձեռնարկներ։ Յառաջիկայ ամսուան սկիզբին նոյն ծիրին մէջ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբը հանդէս պիտի գայ համերգով մը։

Ներկայիս երգչախումբի անդամները թափով կը պատրաստուին այս համերգին՝ խմբավար Սեւան Ակօշեանի մականին ներքեւ։ Խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ կ՚անցնին երգչախումբի փորձերը։ Համերգի ընթացքին երգացանկը պիտի բաղկանայ ժողովրդական յայտնի երգերու իւրայատուկ մեկնաբանութիւններէ։ Դաշնաւորումները կատարուած են Սեւան Ակօշեանի կողմէ։ Յոբելենական համերգին ընթացքին Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին պիտի ընկերանայ «Իսթանպուլ մոտերն» նուագախումբը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 11, 2017