ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերջին օրերուն մէկտեղուեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի եւ իր գործակից ընկերներէն Դաւիթ Տամլայի եւ Մինաս Արսլանի հետ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ Գումգաբուի վարիչներուն միջեւ խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ թաղային խորհուրդի ընթացիկ գործունէութեան եւ այս շրջանի ծրագիրներուն շուրջ։

Նորին Ամենապատուութիւնը զրոյցի ընթացքին վերահասու դարձած տեղեկութիւններու լոյսին տակ հերթական անգամ դրուատեց Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի գործունէութիւնը եւ խրախուսական արտայայտութիւններ ունեցաւ, որպէսզի ներկայ դժուարին շրջանին առաւելագոյն մակարդակի վրայ մնայ յամառ աշխատանքի կամքը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2021