ՆԵՐԹԱՓԱՆՑԵԼ ՇՂԱՐՇԻՆ
Իսթանպուլի Լուսանկարչութեան եւ շարժանկարի սիրողներու միութեան (İFSAK) նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ շահեկան ձեռնարկ մը։ «Ներթափանցել շղարշին. հայերը» խորագրեալ երեկոյթը համախմբեց հոծ թիւով գեղարուեստասէրներ եւ լուսանկարչութեան հետամուտներ։ Յայտնի լուսանկարիչ Նուրան Աքքայայի որսած վառ դրուագներով պատրաստուած փաստավաւերագրական լուսանկարներու ցուցադրութիւն մըն էր այս մէկը, որ համատեղուած էր ասուլիսով մը։ Հիւրընկալ միութեան «Նուրէտտին Էրքըլըչ» սրահին մէջ ներկայացուեցաւ Նուրան Աքքայայի ալպոմը, որու դրուագներուն հիման վրայ ծաւալուեցաւ հետաքրքրական խօսակցութիւն։
İFSAK-ի նախագահ Տայք Տանձիկն ալ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Ան շեշտեց, որ Նուրան Աքքայայի լուսանկարներու ալպոմը խոշորացոյցի տակ կը բերէ հայ հաւաքականութիւնը, որ Անատոլուի աշխարհագրութենէն ներս կը շարունակէ գոյատեւել։ Իր խօսքով՝ այս աշխարհագրութենէն ներս դարերէ ի վեր ժողովուրդները հետզհետէ իրարու կ՚օտարանան, նոյնիսկ զիրար չեղեալ կը նկատեն եւ համապատասխան թշնամական դիրքորոշումները պատմութեան հոլովոյթին մէջ երբեք չեն պակսած։ Տայք Տանձիկ ընդգծեց, որ այդ ցաւերէն առաւել բաժին վիճակած է հայ հաւաքականութեան։ Ան համոզուած է, թէ Նուրան Աքքայայի ալպոմը հետամուտ է համեստ նպատակի մը։ Եթէ այդ ալպոմը կարողանայ համեստ նպաստ մը ապահովել՝ վաղեմի մշակոյթի տէր հայոց կեանքը տեսանելի դարձնելու տեսակէտէ, ապա այդ նպատակը արդարացած պիտի ըլլայ։ Տանձիկ մաղթեց, որ Աքքայայի ալպոմ-գիրքը նպաստ մը ապահովէ իր տեսակին մէջ այն բոլոր ջանքերուն համար, որոնք կը գործադրուին բարի ապագայի մը յոյսը փայփայողներու կողմէ։