ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պատրիարքարանի անձնակազմը։
Այսպէս, ընդունելութեան սկիզբին յանուն Պատրիարքական Աթոռի անձնակազմին խօսք առաւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, որ ուրախութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գահակալութեան չորրորդ տարեդարձին համար։ Տէր հայրը ըսաւ, թէ ճիշդ է, առաջին շրջանին դժուար եղաւ, երբ համավարակը հարուածեց ամբողջ մարդկութիւնը, սակայն այժմ բնականոն դարձած է կեանքը եւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի նաւը կը շարունակէ իր ճամբան Նորին Ամենապատուութեան նաւապետութեամբ։ Ան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր՝ ցուցաբերած հայրական գուրգուրանքին համար եւ մաղթեց, որ իր ասան ծաղկեալ մնայ երկար տարիներ։
Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն համախմբման համար։ Ինք կը կատարէ գործին ուղեղի մասը, սակայն տեսանելի գործողները մարմնին միւս մասերն են, ուղեղը կը մնայ միշտ ծածկեալ եւ այդպէս ալ պէտք է ըլլայ։ Կարեւորը Տիրոջ նաւը յառաջ տանիլն է։
Հաւաքի աւարտին սարքուեցաւ թէյասեղան։