«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի։ Յանուն համոյթի ընտանիքին, անոնք շնորհաւորութիւններ եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Զրոյցի տեւողութեան Նորին Ամենապատուութեան նկատառման յանձնուեցան համոյթի գործունէութեան վերաբերեալ զանազան տեղեկութիւններ։ Հիւրերը վերահաստատեցին, թէ համոյթը պիտի շարունակէ մեր համայնքին ի նպաստ գործունէութիւնը՝ երիտասարդները մեր մշակոյթին հաղորդ պահելու ճամբով։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ իր օրհնութիւնն ու յաջողութեան մաղթանքները փոխանցեց համոյթի ներկայացուցիչներուն։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 12, 2020