ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՄՈՒՍԹԱՖԱ ՏԵՄԻՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերջին օրերուն հիւրընկալեց Իսթանպուլի երեսփոխան Մուսթաֆա Տեմիրը, որ նախապէս երկար ատեն եղած էր Ֆաթիհի քաղաքապետ։ Հանդիպման ներկայ եղաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Մուսթաֆա Տեմիր քաղաքավարական այցելութեան փութացած էր՝ անձամբ շնորհաւորելու համար Նորին Ամենապատուութեան ընտրութիւնը։ Զրոյցի ընթացքին ան շեշտեց պատրիարքութեան առաքելութեան կարեւորութիւնը եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց Նորին Ամենապատուութեան։

Հանդիպման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ ջերմօրէն ողջունեց Մուսթաֆա Տեմիրի այցելութիւնը Պատրիարքարանի երդիքին տակ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական այցելութեան համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը փոխադարձեց երեսփոխանի յաջողութեան մաղթանքներուն։ Զրուցակիցները վերյիշեցին Մուսթաֆա Տեմիրի կողմէ տարուած դրական աշխատանքը Ֆաթիհէ ներս՝ որպէս քաղաքապետ պաշտօնավարած ժամանակաշրջանին։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 12, 2020