ԱՍՈՂԻԿ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿԵՍԱՐԻԱ, ԻՍՔԷՆՏԷՐՈՒՆ ԵՒ ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂ

Պէ­յօղ­լուի Ս. Եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ Ա­սո­ղիկ Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Պէ­յօղ­լուի քա­հա­նա­յից դա­սէն Տ. Միւ­ռոն Ա. Քհնյ. Այ­վա­զեա­նի, ինչ­պէս նաեւ Տ. Գէորգ Քհնյ. Չը­նա­րեա­նի եւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի, Մեծ պա­հոց Մի­ջին­քին առ­թիւ կա­տա­րե­ցին ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն մը, դէ­պի Կե­սա­րիա, Իս­քէն­տէ­րուն եւ Վա­քըֆ­լը­գիւղ։ Այս ուխ­տագ­նա­ցու­թեան ա­ռա­ջին հանգ­րուա­նը ե­ղաւ Կե­սա­րիոյ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղե­ցին, ուր Ս. Պա­տա­րագ մա­տոյց Տ. Միւ­ռոն Ա. Քհնյ. Այ­վա­զեան։ Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն։ Ա­պա քա­հա­նայ հայ­րերն ու Ա­սո­ղիկ երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րը ան­ցան Իս­քէն­տէ­րուն, ուր Քա­ռա­սուն Մա­նուկ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չը­նա­րեա­նի ձե­ռամբ կա­տա­րուե­ցաւ Ս. Պա­տա­րագ։  Իսկ Վա­քըֆ­լը­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցուե­ցաւ կի­րակ­նօ­րեայ Ս. Պա­տա­րագ, ձե­ռամբ Տ. Ա­ւե­տիս Քհնյ. Թա­պա­շեան։ Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ Ա­րե­ւա­գա­լի ժա­մեր­գու­թիւն։​

 

 

 

Շաբաթ, Մարտ 12, 2016