ԱՔ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԻՇԼԻԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց՝ ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Շիշլիի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Կէօքհան Եիւքսէլը։ Իշխանական թեկնածուի ընկերակից խումբին մաս կը կազմէր նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։ Ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարգիս Չեթինքայա, Գարակէօզեան տան խնամակալութենէն տքթ. Գարուն Գովան եւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Արեգ Մումճու։

Հաճելի զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ողջունեց հիւրերը եւ տեղեկութիւններ փոխանցեց Շիշլիի գաւառակի շրջանէն ներս գործող մեր համայնքային կառոյցներու կացութեան շուրջ։ Ան ընդգծեց, որ Շիշլի գաւառակը կը հանդիսանայ Իսթանպուլի ամենահայաբնակ շրջանը։ Իր կարգին, Կէօքհան Եիւքսէլ բացատրեց, որ քաջատեղեակ է Շիշլիի խնդիրներուն եւ այդ ամբողջին մէջ ծանօթ է նաեւ հայկական արմատներով քաղաքացիներու եւ անոնց կառոյցներու խնդիրներուն։

Կարծիքի փոխանակումներ կատարուեցան թէ՛ գաւառակի առկայ խնդիրներու լուծման հեռանկարներուն եւ թէ մեր համայնքային հաստատութիւններու ակնկալութիւններուն շուրջ։

Հուսկ, հիւրերը ջերմ ընդունելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնն ալ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ՝ ամսավերջին նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն առթիւ։

Երեքշաբթի, Մարտ 12, 2024