«ՄԵՐ ՏԱՆԻՔ»Ի ՀԱՒԱՔՈՅԹԸ՝ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ «Մեր տանիք» խմբաւորման հաւաքոյթը։ Ծաղկազարդի տօնի երեկոյեան զուգադիպեցաւ այս ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր հիւրընկալ սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլուի հրաւէրով։ Խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ հաւաքոյթը՝ մանաւանդ, որ ներկաներու շարքին էր Յակոբ Արի-Նարօտ Կիւլէչ ամոլը, որու գլխաւորութեամբ մասնակիցները պար բռնեցին։
«Մեր տանիք»ի սիւներէն Եասմին Ռոստոմեանի մտայղացումով, Ծաղկազարդի տօնին առթիւ խորհրդանշական ձիթենի մը տնկուեցաւ միութեան պարտէզին մէջ։ Երբ Վահրամ Էլակէօզ տունկը հողին մէջ զետեղեց, բոլոր ներկաները իրարու հետ բաժնեցին անկեղծ մաղթանքներ, որպէսզի աշխարհի վրայ տիրէ խաղաղութիւն եւ բոլոր մարդկութիւնը բաժին ստանայ բարօրութենէն։
Պահքի շրջանի բնորոշ ուտեստներով սարքուած ընթրիքի սեղանի շուրջ ոգեւորութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ ատեն։