ՊԱՐԸ՝ ԲՈԼՈՐԻ ԼԵԶՈՒՆ

Էսաեան սանուց միութիւնը թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 75-ամեակը, ինչ որ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն կ՚առթէ ո՛չ միայն էսաեանցիներուն, այլեւ՝ մեր ամբողջ համայնքին։ 75-ամեայ սանուց միութիւնը հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր բազմակողմանի գործունէութիւն ծաւալած է՝ միշտ գիտակցելով հայ մշակոյթի շարունակականութեան ու սերունդէ սերունդ փոխանցման կարեւորութիւնը։ Եւ իսկապէս, «միութիւն» բառը կ՚արդարացուի այս սանուց միութեան երդիքին տակ՝ հակառակ ժամանակի ընթացքին դէմ յանդիման մնացած խոչընդոտներու, անմասն չմնալով նաեւ քորոնաժահրի համաճարակի պատճառած նեղութիւններէն։ Սանուց միութիւնը ամուր կամքով, եռանդով տոկունութիւն ցուցաբերած ու յաղթահարած է այդ բոլորը։ 

Էսաեան սանուց միութեան արդիւնաւէտ գործունէութեան ամենամեծ վկայութիւնն է իր անուան հետ նոյնացած «Մարալ» երգի-պարի համոյթը, որ հայկական ժողովրդական երգի ու պարի նորահաս սերունդի փոխանցման կարեւոր առաքելութեան կոչուած է։ 

Շաբաթավերջին Էսաեան սանուց միութեան հիմնադրութեան 75-ամեայ յոբելեանին առիթով «Մարալ» համոյթը Ֆուլիայի մշակոյթի կեդրոնէն ներս հանդէս եկաւ մասնաւոր ելոյթով մը, որ արժանացաւ հարիւրաւոր գեղարուեստասէրներու գնահատանքին։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի մականին ներքեւ «Մարալ»ի կազմը գեղարուեստասէրներուն ներկայացաւ՝ արդարացնելով սպասումներն ու իրենց վրայ դրուած յոյսերը։ Մարալցիները աննկարագրելի մթնոլորտ մը ստեղծեցին սրահին մէջ՝ մինչ բոլորը առիթն ունեցան ըմբոշխնելու հայկական ժողովրդական երաժշտութիւնն ու պարերը։ Սիրուած ու տաղանդաւոր մեներգչուհի Մարալ Այվազ իր քաղցր ձայնով ու տպաւորիչ կատարումներով միացաւ պարային ելոյթներուն։

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Ժպիտ Իսքէնտէրօղլու-Քալայճըի բացման խօսքով, ապա ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Էսաեան սանուց միութեան ատենապետուհի Վարդուհի Մսըրլեան։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ձեռամբ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Էսաեան սանուց միութեան նախկին երախտաշատ ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանին, որ արտասանեց սրտի խօսք մը։ Հանդիսութեան կարգադիր յանձնախումբի անդամներուն եւս երախտագիտական խօսքեր արտասանուեցան։ 

Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած երկարատեւ ու ստիպողական դադարէն վերջ կազմակերպուած այս ձեռնարկը ձմրան յաջորդող գարնան նման եկաւ ծաղկեցնել թրքահայ ընկերամշակութային կեանքը։ Սահմանափակումներէն, կորուստներէն, տնտեսական կամ ընկերային բարդ իրավիճակներէն զզուած մեր համայնքի անդամները գոնէ քանի մը ժամուան համար թօթափեցին այդ բոլոր նեղութիւնները, կեդրոնի դրան առջեւ թողուցին իրենց բոլոր մտահոգութիւնները եւ մեծ ոգեւորութեամբ ու «մաքուր միտքով» իրենց ուշադրութիւնը սեւեռեցին «Մարալ»ի սաներու եւ Մարալ Այվազի յաջող կատարումներուն վրայ։ Յայտագրի ամբողջին մէջ ուշագրաւ էին նաեւ համոյթի խորհրդանշական դէմքերէն Սարեմ Շէշէթեանի մենապարերը։ 

Ուրախառիթ է տեսնել հայկական մշակոյթի բեմին վրայ պահպանումը, նաեւ երջանկութիւն կը պատճառէ, թէ «Մարալ» տարիէ տարի կը զարգանայ, նոր դէմքեր կը ներառէ իր կազմին մէջ, նոր երգերով ու պարերով կը համադրուին աւանդականն ու արդիականը։ Պարը լեզու մըն է, որ առանց գիտնալու կարելի է հասկնալ անոր պատմածները, փոխանցած զգացումները։ Մարալցիներ ալ իրենց այս իւրայատուկ լեզուով պէս-պէս պատմութիններ պատմեցին մեզի։ Քանի մը ժամ հեռանալով առօրեայի հեւքէն, աշխարհէ աշխարհ սուզուեցանք այդ «լեզու»ով։ 

Երեկոյթի առաջին բաժինը բացուեցաւ «Արեւածագ»ով, որու բեմադրութիւնը կանխանշեց հանդէսի ողջ տեւողութեան բարձր որակը։ Ապա ցուցադրուեցան «Հայ որդիներ», «Կարօտ», «Մահմուր աղջիկ», «Տուն իմ հայրենի», «Կիւմրի», «Կաքաւիկ», «Ով հայոց աշխարհ», «Սիւնեաց սարեր» եւ «Նաւասարդ» պարերը։ Երկրորդ մասը բացուեցաւ «Զարթօնք»ով, որուն յաջորդեց «Ամպից կորաւ», «Լոռուայ պատկերներ», «Մեր հայրենիք», «Մաշինէն եկաւ», «Գովելի», «Սեւանի ձկնորսներու պարը», «Նոր պար»ը։ Փակման պարը համախմբեց պարախումբի պատանիներն ու փոքրերը՝ «Յաղթանակ»ով։ Գոյնզգոյն տեսարան մը ստեղծուեցաւ բեմին վրայ՝ հանդիսատեսը առաջնորդելով մտածումէ մտածում, յոյզէ յոյզ։ «Մարալ»ի աշակերտները թէ՛ մեծերով եւ թէ փոքրերով մեծապէս գնահատանքի արժանացան ներկաներու կողմէ։ Երեկոյթի ամենէն ազդու պահը այն էր, երբ կեդրոնի հսկայածաւալ բեմը բոլորովին լեցուած էր «Մարալ»ի մեծ ընտանիքով։

Երեկոյթի աւարտին իւրաքանչիւր հանդիսատես, անկասկած, բախտաւոր զգացած է՝ նման հազուագիւտ ձեռնարկի մը մասնակցած ըլլալով։ Ի՜նչ մեծ զոհաբերութեան ու նուիրումի արդիւնք է սա։ Անկարելի էր չհպարտանալ նման պանծալի  արժէքի մը տիրապետող համայնքի մը մաս կազմելով, նման չափանիշներով պարախումբ մը ունենալով։ Ի՜նչ մեծ երանութիւն…

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2022