ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու եւ քոյր համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները, որոնք փութացած էին Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնը շնորհաւորելու։ Նկատի ունենալով, որ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը քաղաքէս կը բացակայի՝ Պատրիարքարան այցելեց իր փոխանորդը։ Օրուան տեւողութեան Նորին Ամենապատուութիւնը հիւրընկալեց Լատին կաթոլիկ համայնքի պապական փոխանորդ Մոսն. Մասսիմիլիանօ Եպիսկոպոսը, Ասորի ուղղափառաց պատրիարքական փոխանորդ Եուսուֆ Չեթին Մետրապոլիտը, Ասորի կաթոլիկ եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդ Օրհան Չանլը քահանան եւ Աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները։ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի անունով ալ Պատրիարքարան այցելեց Հայր Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան։

Բոլոր այցելուները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր անձին մէջ շնորհաւորեցին թրքահայութեան Ս. Զատիկը եւ յղեցին իրենց բարեմաղթութիւնները։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2023