ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ճատ­րա­կի մրցա­շար­քը ե­րէկ հա­սաւ իր ա­ւար­տին։ 12-րդ մր­ցա­շար­քի եզ­րա­փա­կիչ հանգ­րուա­նին, թա­ղի «Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ պար­գե­ւատր­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն։ Հիւ­րըն­կալ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Մա­նու­կեա­նի կող­մէ ար­տա­սա­նուե­ցաւ ող­ջոյ­նի խօսք մը, մինչ մաս­նա­կից բո­լոր վար­ժա­րան­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ կրթա­կան մշակ­նե­րուն յանձ­նուե­ցան յու­շա­նուէր­ներ։ Ներ­կայ էին նաեւ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Փոք­րե­րու եւ աստ­ղե­րու դա­սա­ւոր­ման մէջ տե­ղի ու­նե­ցած մրցա­պայ­քա­րի ար­դիւն­քին մեր վար­ժա­րան­նե­րու տղա­քը ար­ձա­նագ­րե­ցին ու­շագ­րաւ յա­ջո­ղու­թիւն։

Աստ­ղե­րու դա­սա­ւոր­ման մէջ ա­ռա­ջին հան­դի­սա­ցաւ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նը, ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին Թարգ­ման­չաց եւ Է­սաեան։ Այս խմբա­ւոր­ման մէջ սե­ղան­նե­րու մօտ ան­հա­տա­կան յա­ջո­ղու­թեամբ դափ­նե­կիր­նե­րու շար­քին դա­սուե­ցան՝ Տա­ւիտ Իւ­կէ, Այգ Կէ­զէր, Աք­սէլ Փու­լաշ, Ա­րիս Նշան, Ա­լեք­սան Զա­րու­քի, Խա­չիկ Օլ­կար, Ռու­բէն Թո­րոս, Փիէռ Պաս­մա­ճը, Ա­ռէն Ա­տը­կիւ­զէլ, Սե­լին Թոմ­պաք, Ա­լէն Չիզ­մէ­ճի, Մա­թայ Այ­տըն։

Փոք­րե­րու դա­սա­ւոր­ման մէջ ա­ղիւ­սա­կը գլխա­ւո­րեց Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նը, ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին Մխի­թա­րեան եւ Սա­հա­կեան-Նու­նեան։ Այս դա­սա­ւոր­ման մէջ ան­հա­տա­կան յա­ջո­ղու­թիւն ար­ձա­նագ­րե­ցին՝ Լի­տիա Փո­լատ, Ա­րա Ճա­նէլ, Լու­քաս Անտ­րէ Տե­միր­ճի, Ա­րաս Փեք­ման, Լիա Եուրթ­կիւ­լիւ, Ար­թին Տե­միր­ճի, Փա­ռէն Մե­ծա­տուր, Ժիլ­պէռ Ժան Սո­մէր, Ար­սէն Գո­վան, Էտ­վին Աք­մեր­ճան, Նա­րեկ Շարք­լը, Սէր­տար Գաս­պա­րեան։

Մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին վար­ժա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը, դափ­նե­կիր­ներն ու մաս­նա­կից­նե­րը զի­րար շնոր­հա­ւո­րե­ցին՝ այս մրցա­շար­քի ծրագ­րին յա­ջո­ղու­թեամբ գոր­ծադ­րու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ։ 

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016