ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ առաջին դասարաններու ընթերցման տօնը ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդէսը, որ համախմբեց Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները, դպրոցի պատասխանատուները, ծնողներ եւ հիւրեր։ Տղաքը յաջող ելոյթներով արժանացած ծափահարութիւններու։ Հուսկ, տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։

Բաց աստի, դպրոցին մէջ Մայրերու օրուան առթիւ ալ տեղի ունեցաւ հանդէս մը։ Մանկապարտիզպանուհիներ Ռիթա Մերտինեանի եւ Թայիս Եանըքի հսկողութեան ներքեւ գործադրուեցաւ օրուան յայտագիրը։ Դպրոցի աշակերտներուն մայրերը ապրեցան յուզիչ պահեր։ Փոքրիկները «Մայր ու զաւակ» խորագրեալ ծրագրով հաճելի ժամանց ապահովեցին բոլորին։

Ուրբաթ, Մայիս 12, 2023