ՊԷՅՔՈԶԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց հիւրերն ու շնորհաւորեց իրենց ընտրութիւնը։ Վարիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ ուրախութեամբ շեշտեցին, որ ընտրութենէն ետք ստացած են իրենց պետական վաւերացումը։ Անոնք յետվաւերացման իրենց անդրանիկ այցելութիւնը տուին Պատրիարքարան՝ Նորին Ամենապատուութեան աղօթքն ու օրհնութիւնը ստանալու համար։ Թաղականները Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեցին Պէյքոզի եկեղեցւոյ կտակի Ս. Պատարագին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ յունիսի 3-ին։
Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը հայրական օրհնութիւնը տուաւ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեան համար։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խոստացաւ սիրով ընդառաջել հրաւէրին ու նախագահել մեր այս գողտրիկ եկեղեցւոյ կտակի Ս. Պատարագին։