ՖՈՒԹՍԱԼԻ ՈԳԵՒՈՐ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ ֆութսալի մրցաշարք մը, որ ձօնուած էր հոգելոյս Ռոպէր Չեթինքայայի յիշատակին։ Վարչութեան այս նախաձեռնութեան իր զօրակցութիւնը բերաւ նաեւ Ռոպէր Չեթինքայայի որդին՝ Այգուն Չեթինքայա։ Համայնքային միջնակարգերու միջեւ կազմակերպուած այս մրցաշարքին 6 դպրոցական խումբէ 43 մարզիկ մասնակցեցաւ։ Արդիւնքին առաջին հորիզոնականը զբաղեցուց Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեանի խումբը։

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ իր գործակից ընկերները յանձնեցին դափնեկիր խումբերու բաժակներն ու մետայլները եւ բոլորը գնահատեցին յաջող մրցապայքարի համար։

Երկուշաբթի, Յունիս 12, 2023