ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Գնալը կղզիի մէջ երէկ սկսաւ Շիշլի մարզակումբի պատուոյ նախագահներէն հոգելոյս Ղազարոս Ունանի յիշատակին կազմակերպուած վոլէյպոլի մրցաշարքը, որուն կը մասնակցի տասն խումբ։ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է այս մրցաշարքը՝ վերյիշելու համար ակումբի երախտաշատ ղեկավարը։ Կազմակերպչական աշխատանքները կը համակարգեն Ալէն Նարսիւս եւ Առէլ Աթասեւ։ Մրցաշարքը աւարտին պիտի հասնի օգոստոսի 29-ին։

Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2022