ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ

Երէկ, Պատրիարքական Աթոռի նախաձեռնութեամբ, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ կրթական մշակներու հաւաք մը։ Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ վերամուտի սեմին կազմակերպուած այս հաւաքոյթը առիթ հանդիսացաւ՝ որպէսզի Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան տեսակցի մեր վարժարաններու տնօրէններուն, նախկին տնօրէններուն, հայերէնի ուսուցիչներուն եւ այլ կրթական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Ներկայ էին նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Տեղապահ սրբազան հայրը, հոգեւոր հայրերը եւ կրթական մշակները այս հանդիպման ընթացքին ընդհանուր խորհրդակցութիւն մը ունեցան՝ մեր կրթական կեանքի վիճակին, մասնաւորապէս հայերէնի եւ կրօնի ուսուցման նիւթերուն շուրջ։ Նորին սրբազնութիւնը գիտակցութեան կոչ ուղղեց մեր ամբողջ համայնքին՝ շեշտելով, որ լեզուի եւ կրօնի ուսուցումը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Ան մասնաւորապէս ծնողներու գիտակցութեան հարցին վրայ կանգ առաւ եւ մատնանշեց եկեղեցւոյ ու դպրոցի միասնականութիւնը։ Իր խօսքերով՝ մեր համայնքը կրթական գործը կազմակերպելու համար ունի անհրաժեշտ հաստատութիւններն ու կառոյցները, սակայն հաւաքական արդիւնքը դժբախտաբար տկար է։ Այս կէտին վրայ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շեշտեց գործակցութեան ոգին զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը։ Մեր համայնքէն ներս ալ անտարբերութիւն պէտք չէ ցուցաբերուի լեզուի եւ կրօնի ուսուցման խնդիրներուն նկատմամբ։ Այս ամբողջին մէջ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը առանցքային է, որովհետեւ դարերու տեւողութեան եկեղեցին եղած է մեր ազգին ողնայարը։ Կարծիքներու փոխանակման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ կրօնի եւ լեզուի դասագիրքերու շուրջ խնդիրներուն։

Տեղապահ սրբազան հայրը ուրախութիւն յայտնեց հանդիպման առթիւ։ Ինք փափաքն ունեցած էր ծանօթանալու համայնքային վարժարաններու տնօրէններու եւ մանաւանդ կրօնի ու հայերէնի ուսուցիչներուն հետ։ Ան շեշտեց հայախօսութեան եւ հայերէնի նահանջը ու յայտնեց իր տեսակէտը խնդրի բարելաւման համար։ Ապա անդրադարձաւ կրօնի դասերուն եւ իրենց պարունակութեանց մասին։ Լսեց յիշեալ դասերու մասին ներկայ կրթական մշակներու արտայայտութիւնները եւ առաջարկները։ Կրօնի դասերու մեծագոյն հարցն էր նիւթը աշակերտին փոխանցելու խնդիրը, որով ուսուցիչը ակամայ կը դժուարանար դասերու ընթացքին։ Այնուհետեւ յիշեցուց, թէ իւրաքանչիւր հարց կրնայ լուծում գտնել միասնական աշխատութեամբ եւ երկխօսութեամբ, ուստի կարեւոր էր տարբեր փորձառութիւնները նկատի ունենալ։ Ինք մասնաւորապէս շեշտեց եկեղեցւոյ կարեւոր ու անուրանալի դերը եւ ըսաւ. «Մեր ժողովուրդի մեծագոյն հաստատութիւնն է եկեղեցին։ Անոր շնորհիւ հաւաքական կեանքը հովանի գտաւ ու միշտ ամուր հիմքերու վրայ հաստատուեցաւ։ Այսօր դժբախտաբար այս հովանիէն կը հեռանայ ժողովուրդը եւ կը տեսնենք, թէ մնացեալ ամէն ինչ կը տկարանայ։ Պատմութեան մէջ կը տեսնենք, թէ համայնքային անթիւ հաստատութիւններ վախճան ունեցան եւ ներկայիս գոյութիւն չունին, բայց եկեղեցին է այն միակ հաստատութիւնը, որ ներկայ է տակաւին որպէս հայրը իր ժողովուրդին։ Այնուհետեւ մենք պէտք է վերյիշենք եկեղեցւոյ կարեւորութիւնը եւ կրկին յոյս ունենանք ապագայի մասին»։

Հաւաքը աւարտին հասաւ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի աղօթքով։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2017