ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՄԷՋ ԲԱՐՁՐ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ս. Խաչ դպրեվանքի մէջ մասնակցեցաւ 2023-24 շրջանի վերամուտին, որու ընթացքին կը տիրէր բարձր տրամադրութիւն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ փոխանցեց իր պատգամը Դպրեվանքի ընտանիքի ներկայացուցիչներուն։ Նորին Ամենապատուութիւնը աշակերտներուն յորդորեց, որպէսզի յառաջիկայ աշխատանքային շրջանը այնպէս մը արդիւնաւորեն, որ դառնան նոր անհատներ։

Հարկ է նշել, որ Ս. Խաչ դպրեվանքի տնօրէնի պաշտօնը այս կրթական շրջանէն սկսեալ ստանձնած է Սերքան Քըյըճը, որ կը յաջորդէ Արմէն Սարուխանեանին։ Վերամուտի արարողութեան ընթացքին Արմէն Սարուխանեանին առ ի երախտագիտութիւն յուշանուէր մըն ալ յանձնուեցաւ Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքին մատուցուած բազմամեայ ծառայութեան համար։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2023