ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԶԱՆԳԸ

Էսաեանի ընտանիքը բարձր տրամադրութեամբ դիմաւորեց 2023-24 կրթական շրջանը։ Երէկ առաւօտ, վարժարանի պարտէզի վերամուտի հանդիսութիւնը անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։ Բացի Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներէն եւ Էսաեանի ընտանիքի պատասխանատուներէն, պարտէզին մէջ համախմբուած էին դպրոցի սաներն ու իրենց ծնողները, ինչպէս նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։

Յայտագիրը սկսաւ Անկախութեան քայլերգով եւ Մեծն Աթաթիւրքի յիշատակին պահուած յարգանքի լռութեամբ։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ ուսուցչուհիներէն Ասլին Չեքէմի հանդիսավարութեամբ։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկան, լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տենչա Չընար, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ, փոխ-տնօրէն Սինան Չաքըր, ինչպէս նաեւ դպրոցի նախկին սաներէն՝ կրթական մշակ Մելիսա Քալտըլը։ Այժմու աշակերտներէն Արիս Եիւզպաշեան, Նորա Քազանճը եւ Միրանտա Աչըքպաշն ալ արտասանութիւններով մաս կազմեցին յայտագրին։

Վերամուտի ուրախութիւնը բաժնել փութացած էին նաեւ Էսաեանի վերջին շրջանաւարտները, որոնք այս տարի արդէն համալսարան պիտի սկսին։ Անոնց ներկայութիւնը առաւել մեծ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ եւ տարբեր իմաստ մը վերագրեց բոլորին կողմէ փոխանակուած այն շնորհաւորութիւններուն եւ բարեմաղթութիւններուն՝ վերամուտի առթիւ։

Յայտագրի գործադրութենէն վերջ խորհրդանշական առաջին զանգը հնչեց՝ ձեռամբ Պէյօղլուի ս. եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի։ Այսպէսով, Էսաեանի մեծ ընտանիքը համախումբ դիմաւորեց աշխատանքային նոր շրջան մը եւս՝ մինչ բոլորի ակնկալութիւնն էր ունենալ ողջունելի արդիւնքներ։

Հարկ է նշել, որ Պէյօղլուի ս. եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը ամրան ամիսներուն ապահոված է, որ վարժարանի շէնքը ունենայ ֆիզիքապէս ներկայանալի տեսք մը, նաեւ դասարաններն ու դասաւանդման միւս բաժինները վերազինուած են թեքնիքապէս։ Ի լրումն այս բոլորին, վարժարանի պատմական շէնքի մուտքն ալ վերաձեւաւորուած ու վերայարդարուած է՝ հաստատութեան խոր աւանդութիւններուն յարիր ձեւով։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2023