ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան վեր­ջերս հիւ­րըն­կա­լեց Թոփ­գա­բուի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը, ո­րոնց հետ էր նաեւ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Մի­նաս Քհնյ. Ճի­հան­կիւ­լեան։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Թոփ­գա­բուի ըն­տա­նի­քը կը պատ­րաս­տուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նին ի նպաստ սար­քուե­լիք տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան սի­րոյ սե­ղա­նին՝ թա­ղա­կան­նե­րը Գում­գա­բու փու­թա­ցած էին խորհր­դակ­ցե­լու հա­մար Նո­րին Սրբազ­նու­թեան հետ։ Այս տա­րի 11 Դեկ­տեմ­բե­րին Գում­գա­բուի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նին ի նպաստ սի­րոյ սե­ղա­նը։ Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ թա­ղա­կան­նե­րը տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին ե­կե­ղեց­ւոյ, դպրո­ցի եւ նո­րաս­տեղծ սա­նուց միու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։

Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց իր նկա­տառ­ման յանձ­նուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն հա­մար ու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ իր օրհ­նու­թիւ­նը փո­խան­ցե­լով յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց աշ­խա­տանք­նե­րու ըն­թաց­քին։

Միւս կող­մէ, Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Հա­յաս­տա­նի Վա­նա­ձոր քա­ղա­քէն ժա­մա­նած երգ­չա­խում­բի մը եւ պա­րա­խում­բի մը ան­դամ­նե­րուն այ­ցե­լու­թիւ­նը։ Այս­պէս, Հա­յաս­տա­նի Գու­գա­րաց Թե­մի ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ ե­կե­ղեց­ւոյ դպրաց դա­սը ե­րէկ այ­ցե­լեց Գում­գա­բու, ուր Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ան­դամ­նե­րուն իր օրհ­նու­թիւ­նը փո­խան­ցեց Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Հարկ է նշել, որ այս խում­բը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Վա­նա­ձո­րի Սե­նե­կա­յին երգ­չա­խումբն է, գլխա­ւո­րու­թեամբ Ռու­զան­նա Մխի­թա­րեա­նի։ Բաց աս­տի, Վա­նա­ձո­րի «Հո­րո­վել» եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թի ման­կա­պա­տա­նե­կան կազմն ալ փու­թաց Գում­գա­բու, գլխա­ւո­րու­թեամբ Ար­մե­նու­հի Տի­լա­նեա­նի եւ Ար­մէն Ներ­սի­սեա­նի։ Հարկ է նշել, որ այ­ցե­լու­թեան փու­թա­ցած խում­բե­րէն մին Ար­մէն Ա­ւե­տի­սեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ վեր­ջերս Պուլ­կա­րիոյ մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ եր­գիպա­րի փա­ռա­տօ­նի մը։ Այս խում­բը Թուր­քիոյ վրա­յով, ցա­մա­քի ճամ­բով կը վե­րա­դառ­նայ Հա­յաս­տան եւ ա­ռի­թէն օգ­տուե­լով քա­ղա­քիս մէջ այ­ցե­լած է Պատ­րիար­քա­րան։

Գում­գա­բուի մէջ ե­րե­կո­յեան ճա­շա­սե­ղան մը սար­քուե­ցաւ հիւ­րե­րուն հա­մար, ո­րոնք շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին ի­րենց նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րուած վե­րա­բեր­մուն­քին ու ճա­նա­պարհ դուրս ե­կան շա­րու­նա­կե­լու հա­մար ի­րենց ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը դէ­պի Հա­յաս­տան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2016