ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Տ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըչեանը։ Այս վերջինը Կիլիկեան Աթոռի Յունաստանի թեմի առաջնորդական փոխանորդն է եւ, միեւնոյն ժամանակ, Արեւմտեան Թրակիոյ հոգեւոր հովիւը։ Հայր սուրբին ընկերացաւ Քոմոթինիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի փոխ-ատենապետ Թադէոս Գասպարեան։ Անոնք քաղաքս կը գտնուէին այցելելու համար Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը։ Առիթէն օգտուելով հայր սուրբն ու փոխ-ատենապետը քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։
Զրոյցի տեւողութեան հիւրերը տեղեկութիւններ տուին Քոմոթինիի հայկական ազգային-եկեղեցական կեանքին շուրջ։ Անոնք Նորին Ամենապատուութեան շնորհակալութիւն յայտնեցին՝ իրենց ընծայուած ջերմ ընդունելութեան համար։ Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ ողջունեց յունահայ հիւրերուն ներկայութիւնը Գումգաբուի մէջ։ Անոնք յիշատակ մըն ալ նուիրեցին Նորին Ամենապատուութեան։
Միւս կողմէ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախընթաց օր ընդունեց նաեւ Իսթանպուլի Ֆիլհարմոնիի միութեան ղեկավարութիւնը։ Աթիլլա Թունայի կողմէ գլխաւորուած վարչայիններուն հետ էր նաեւ մեր համայնքէն Արթիւր Պաղտասարեան, որ այս միութեան վարչութեան մաս կազմելու առընթեր, գեղարուեստական ղեկավարի պաշտօնին կոչուած է վերջերս։