ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մարի Եանճըի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։
Այսպէս, Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի ի նպաստ մատաղօրհնութիւնը այս տարի նախատեսուած է նոյեմբերի 19-ին։ Սիրոյ սեղանի ընդառաջ Պաքըրգիւղի ընտանիքի ներկայացուցիչները Պատրիարքարան այցելեցին եւ տեղեկութիւններ փոխանցեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Զրոյցի տեւողութեան օրակարգի վրայ եկան եկեղեցւոյ եւ դպրոցին կացութիւնը, նաեւ թաղային խորհուրդի կողմէ տարուած աշխատանքները։ Թաղային խորհուրդը նաեւ Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեց՝ նախագահելու կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գոհունակութիւն յայտնեց իրեն փոխանցուած տեղեկութիւններուն համար։ Ան գնահատեց Պաքըրգիւղի ընտանիքի աշխատանքը եւ յղեց իր օրհնութիւնները, յաջողութեան մաղթանքը։