ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԽԱՌՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ լուսանկարչական խառն ցուցահանդէսի մը բացումը, որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Այս ցուցահանդէսը կազմակերպուած էր միութիւնը դաշնակով մը օժտելու ուղղեալ ծրագրին աջակցութիւն ապահովելու համար։ Արամեան սանուց միութեան վարչութիւնը խորհրդանշական զուգահեռականներով համատեղած էր այս ձեռնարկն ու դաշնակի նորոգութեան նախագիծը։
Ցուցահանդէսին մասնակցեցան՝ Յակոբ Էզիլլիօղլու, Արման Ճամկէօզօղլու, Արման Քէօսէ, Արման Թեզճան, Տայք Տանձիկ, Տիգրան Տիւլկէրեան, Ֆըրատ Թաշ, Կիւլպէնկ Ուսթաօղլու, Մասիս Իւշէնմէզ եւ Մկրտիչ Արծիւեան։ Ծրագիրը գեղարուեստական ու թեքնիկ առումով վերահսկած էին Եաշար Սարաչօղլու եւ Արման Իսփիրօղլու, որոնց մականին ներքեւ ընթացած էին պատրաստութիւնները։
Ցուցահանդէսի բացման առթիւ կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին լուսանկարիչները հիւրերուն կողմէ շրջապատուեցան ջերմօրէն։ Ներկայ էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Գատըգիւղի ընտանիքէն պատասխանատուներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։ Միութեան վարչութեան ատենապետ Արթիւր Կեմրէքօղլու եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Արթիւր Կեմրէքօղլու հանդէս եկաւ նաեւ ողջոյնի խօսքով մը։ Երեկոյթի ընթացքին վարչութեան անդամները շնորհակալագրեր ալ յանձնեցին ցուցահանդէսի մասնակից լուսանկարիչներուն։
Հարկ է նշել, որ այս ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի շուրջ երկու շաբաթ, մինչեւ տարեվերջ։