ՏԵՂԱՊԱՀ Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ Ս. ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան անցեալ Կիրակի նախագահեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։ Նորին սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցան 1988 թուականի Հայաստանի մեծ երկրաշարժի զոհերը։
Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Պալըքճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ իր ընկերները տեղապահ սրբազան հայրը հիւրընկալեցին թաղի տիկնանց կազմին կողմէ պատրաստուած սեղանին շուրջ։ Ջերմ ու անմիջական զրոյցի մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթը։