ՀԱՒԱՏՔ ԵՒ ՅՈՅՍ…

Կե­սա­րիոյ Ս. Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ պատ­մա­կան օր մը։ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին կար­գադ­րու­թեամբ Ս. Ծնն­դեան եւ Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան տօ­նին առ­թիւ Ս. ­Պա­տա­րագ մա­տու­ցուե­ցաւ Մեր­ձա­ւոր­ Ա­րե­ւել­քէն խոյս տա­լով Թուր­քիա հաս­տա­տուած հայ գաղ­թա­կան­նե­րուն հա­մար։ Յու­զում­նա­խառն ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին գաղ­թա­կան­նե­րը կա­տա­րե­ցին ի­րենց ուխ­տի ա­ղօթ­քը՝ մեր հո­գե­պա­րար շա­րա­կան­նե­րու եր­գե­ցո­ղու­թեամբ։ Այս տա­րի ա­նոնք բո­լո­րո­վին տար­բեր պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ ու բո­լո­րո­վին տար­բեր մթնո­լոր­տի մը մէջ ող­ջու­նե­ցին Ս. Ծնն­դեան տա­ղա­ւա­րը՝ ան­խախտ հա­ւատ­քով, վառ յոյ­սե­րով եւ ան­կեղծ սի­րո­վ։

Ե­րէկ ա­ռա­ւօտ Կե­սա­րիոյ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Ս. Ծննդեան եւ Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան տօ­նին առ­թիւ մա­տու­ցուե­ցաւ Ս. Պա­տա­րագ, որ հա­մախմ­բեց գաղ­թա­կան­նե­րը՝ ա­ռա­ւել չա­փով Եոզ­ղա­տի մէջ հաս­տա­տուած­նե­րը, ո­րոնց միա­ցած էին նաեւ Կե­սա­րիա­յէն, Ա­մա­սիա­յէն եւ այլ շրջան­նե­րէ ուխ­տա­ւոր գաղ­թա­կան­ներ։ Պա­տար­ա­գիչն էր Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեան։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չը­նա­րեան։ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան ա­ռաջ­նոր­դեց եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Վահ­րամ Սրկ. Լիւ­լէ­ճեան, Ղա­զար Կսսրկ. Սեդ­րա­կեան, Սա­հակ Կսսրկ. Մկրտի­չեան, Գրի­գոր Ու­րա­րա­կիր Դպիր Կա­րա­պե­տեան։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Իս­թան­պու­լէն մեկ­նած կա­մա­ւոր դպիր­նե­րու կող­մէ, ո­րոնց միա­ցան նաեւ գաղ­թա­կան­նե­րէն դպրու­հի­ներ։

Ս. Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին խրա­տա­կան մը խօ­սե­ցաւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան, որ հայ­րա­կան ջերմ ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ հաս­ցէագ­րեց ուխ­տա­ւոր գաղ­թա­կան­նե­րուն։ Ան ը­սաւ, թէ Յի­սուս Քրիս­տոսն ալ պանդխ­տած էր Ե­գիպ­տո­սի մէջ, հե­տե­ւա­բար մեր հա­ւատ­քով այ­սօր գաղ­թա­կան­նե­րուն կա­ցու­թիւ­նը ան կ՚ըմբռ­նէ ամ­բող­ջու­թեամբ։ «Յի­սուս ձե­զի կը հասկ­նայ, դուք ալ ձեր սիր­տե­րը բա­ցէք Քրիս­տո­սին», ը­սաւ Տէր Հայ­րը եւ շեշ­տեց, որ Պոս­լոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը գաղ­թա­կան­նե­րու կող­քին է իր բո­լոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով ու մի­ջոց­նե­րով։ «Գիտ­ցէք, որ այս երկ­րին մէջ ու­նիք ազ­գա­կից քոյ­րեր եւ եղ­բայր­ներ, ո­րոնք պատ­րաս­տա­կամ են ձե­զի օ­ժան­դա­կե­լու», ընդգ­ծեց Տէր Հայ­րը ու մաս­նա­ւո­րա­բար կանգ ա­ռաւ Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րուն կող­մէ որ­դեգ­րուած դրա­կան վե­րա­բեր­մուն­քին վրայ։ Ան խո­րին ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ բո­լո­րին կող­մէ ցոյց տրուած ա­ջակ­ցու­թեան եւ պատ­րաս­տա­կամ ըմբռ­նու­մին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Տէր Հայ­րը մաղ­թեց, որ գաղ­թա­կան­նե­րու ե­րա­զանք­նե­րը փու­թով ի­րա­կա­նա­նան, ա­նոնց կեան­քը վե­րա­դառ­նայ բնա­կա­նոն հու­նի մը մէջ, իսկ հա­մայն աշ­խար­հի վրայ տի­րէ խա­ղա­ղու­թիւն։

Տա­ղա­ւա­րի Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին կա­տա­րուե­ցաւ ա­ւան­դա­կան խա­չա­հան­գիստ։ Ջրօրհ­նէ­քի ըն­թաց­քին գաղ­թա­կան ըն­տա­նիք­նե­րէն մէ­կուն զա­ւա­կը՝ Կա­րա­պետ Նալ­պան­տեան ստանձ­նեց խորհր­դան­շա­կան կնքա­հօր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու եզ­րա­փա­կիչ փու­լին կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն, ո­րու ըն­թաց­քին մի առ մի ո­գե­կո­չուե­ցան գաղ­թա­կան­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րուն հան­գու­ցեալ ան­դամ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Կե­սա­րիոյ նախ­կին ա­ռաջ­նորդ­նե­րը, հո­վիւ­նե­րը, եր­գե­ցիկ դպիր­նե­րու ըն­տա­նե­կան նախ­նի­նե­րը։

Յա­ւարտ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն ե­կե­ղեց­ւոյ պար­տէ­զին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ պա­տուա­սի­րու­թիւն։ Կե­սա­րիոյ ե­կե­ղեց­ւոյ ծխա­կան խոր­հուր­դին կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած էր այս բա­ցօ­թեայ պա­տուա­սի­րու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին գաղ­թա­կան­նե­րը ջեր­մօ­րէն շրջա­պա­տուե­ցան թրքա­հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն կող­մէ։ Այն­տեղ էին Պատ­րիար­քա­րա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ կազ­մուած գաղ­թա­կա­նաց յանձ­նա­խում­բէն ան­դամ­ներ, Կե­սա­րիոյ ծխա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Զա­տիկ Թո­քէր եւ իր ըն­կեր­նե­րը, Եոզ­ղա­տի հա­յոց հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թեան  վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Յով­սէփ Ար­զու­ման եւ այլ դէմ­քեր։ Տե­ղի ու­նե­ցաւ ջերմ զրոյց մը։ Հո­գե­ւոր հայ­րե­րը գաղ­թա­կան­նե­րուն բաժ­նե­ցին Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին կող­մէ ու­ղար­կուած սուրբ գիր­քեր։ Պատ­րիար­քա­րա­նը գաղ­թա­կա­նաց փոք­րիկ­նե­րուն հա­մար ալ ու­ղար­կած էր պատ­կե­րա­զարդ «Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթք»ներ եւ Աս­տուա­ծա­շուն­չեր։ Ի լրումն այս բո­լո­րին, ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի խմբագ­րու­թեան կող­մէ ու­ղար­կուած թեր­թիս հիմ­նա­դիր Մի­սաք Գօ­չու­նեա­նի «Կեան­քի տե­սա­րան­ներ» գիրքն ալ բաժ­նուե­ցաւ գաղ­թա­կան­նե­րուն՝ մեր լրա­հա­ւա­քի պա­տաս­խա­նա­տու Ա­րի Թա­շի կող­մէ, որ եւս ե­րէկ տեղ­ւոյն վրայ հե­տե­ւե­ցաւ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։

Յետ­մի­ջօ­րէի ժա­մե­րուն գաղ­թա­կան­նե­րը ի­րենց հա­մար տրա­մադ­րուած մաս­նա­ւոր օ­թօ­պիւս­նե­րով հրա­ժեշտ ա­ռին Կե­սա­րիա­յէն ու վե­րա­դար­ձան Եոզ­ղատ։

Հարկ է նշել, որ միջազգային զանգուածային լրատուութեան միջոցներու կողմէ ներկայացուցիչներ ալ Կեսարիոյ երէկուան արարողութիւնները առարկայ դարձուցին իրենց ուշադրութեան՝ տեղւոյն վրայ հե-տեւելով այս յատկանշական ու կարեւոր իրադարձութեան։

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2016