ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 70-ԱՄԵԱԿԸ ՊԻՏԻ ՆՇՈՒԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՈՎ ՄԸ

Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թիւ­նը այս շրջա­նին ձեռ­նա­մուխ ե­ղած է գե­ղա­րուես­տա­կան ծրագ­րի մը, որ կեան­քի պի­տի կո­չուի յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն։ Միու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 70-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին ձօ­նուած այս նա­խագ­ծին շրջագ­ծով պի­տի բե­մադ­րուի Հրանդ Տին­քի օ­րա­թո­րիոն։ Ար­դի օ­րա­թո­րիօ մըն է այս մէ­կը, որ ա­ռա­ջին ան­գամ ան­ցեալ աշ­նան ներ­կա­յա­ցուած էր Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Ծրագ­րի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վա­րի պաշ­տօ­նը ստանձ­նած է Մա­ժակ Թո­շի­կեան։ Պէ­յօղ­լուի Լու­սա­ւո­րիչ երգ­չա­խում­բը մաս­նակ­ցու­թիւն պի­տի բե­րէ այս ծրագ­րին՝ Յա­կոբ Մա­մի­կո­նեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ։

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Մա­ժակ Թո­շի­կեա­նը, Յա­կոբ Մա­մի­կո­նեա­նը, Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Վար­դան Պալ­մում­ճեա­նը եւ միու­թեան ա­տե­նա­պետ­նե­րէն Ար­թիւր Գա­զա­րը, որ մաս կը կազ­մէ կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բին։

Գե­ղա­րուես­տա­կան ա­ռու­մով են­թա­գե­տի­նը ար­դէն պատ­րաստ ծրա­գիր մըն է այս մէ­կը, քա­նի որ օ­րա­թո­րիոն Ե­րե­ւա­նի մէջ ներ­կա­յա­ցուա­ծին օ­րի­նա­կով պի­տի կրկնուի քա­ղա­քիս մէջ։ Քա­ռա­սուն հո­գիէ բաղ­կա­ցեալ սիմ­ֆո­նիք նուա­գա­խումբ մը պի­տի ըն­կե­րա­նայ Լու­սա­ւո­րիչ երգ­չա­խում­բին։ Մե­ներգ­նե­րով հան­դէս պի­տի գան Գա­րին Պոզ­քուրթ, Պօ­ղոս Ե­ղիա­զա­րեան եւ Սէր­ճան Կա­զէ­րօղ­լու։ Ժո­ղովր­դա­կան նուա­գա­խումբ մըն ալ պի­տի միա­նայ սիմ­ֆո­նի­քին։ Յայ­տագ­րի սկիզ­բին Մա­ժակ Թո­շի­կեա­նի կող­մէ յօ­րի­նուած ե­րեք գոր­ծեր պի­տի մեկ­նա­բա­նուին, որ­պէս­զի բուն օ­րա­թո­րիո­յէն ա­ռաջ ունկն­դիր­նե­րը ժա­մա­նակ ու­նե­նան տրա­մադ­րուե­լու հա­մար։ Ա­ւե­լի վերջ պի­տի սկսի Հրանդ Տին­քի օ­րա­թո­րիո­յի ներ­կա­յա­ցու­մը, որ Իս­թան­պու­լի մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րու դա­տին պի­տի յանձ­նուի։

Ե­րէ­կուան զրոյ­ցին ըն­թաց­քին հիւ­րե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ այս ծրագ­րի հիմ­նա­կան հո­վա­նա­ւորն է հա­մայն­քա­յին յայտ­նի բա­րե­րար,Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ։ Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թիւ­նը կը նա­խա­տե­սէ հա­սոյ­թին մէկ մա­սը օգ­տա­գոր­ծել իր ըն­թա­ցիկ ծախ­սե­րուն հա­մար, իսկ մնա­ցեալ բա­ժի­նը՝ սկզբուն­քօ­րէն կէ­սէն ա­ւե­լին, պի­տի յատ­կա­ցուի Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նին։  

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2016