ՄՆԱԼ ԱՇԱԿԵՐՏ…

Գումգաբուի Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ զանգակները երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն ղօղանջեցին՝ առթելով հոգեւոր հրճուանքի տրամադրութիւն։ Թուրքիոյ հայոց նորընտիր պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Արք. Մաշալեանի անդրանիկ Սուրբ Պատարագին առթիւ ամբողջ համայնքը ժամադրուած էր Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Մեր միւս թաղերու եկեղեցիները արդէն բաց էին միայն մոմավառութեան համար։ Զանգակներու ղօղանջին զուգահեռ՝ Պատրիարքարանէն դէպի եկեղեցի կազմուած թափօրը սկսաւ շարժիլ։ Նորին Ամենապատուութիւնը խորան առաջնորդուեցաւ՝ հովուապետական լրիւ հանդերձանքի մէջ։ Իրեն առընթերակայ էին Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան եւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ «Հրաշափառ»ով խորան առաջնորդուելէ վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հանդիսաւորապէս խորան բարձրացաւ անդրանիկ Ս. Պատարագին ժամանակ։ «Ընտրեալդ Աստուծոյ» շարականի երգեցողութեամբ ստեղծուեցաւ խորհրդաւոր մթնոլորտ մը եւ այդ մէկը սրբազան արարողութեան ողջ տեւողութեան շարունակուեցաւ՝ Պոլսահայ միացեալ երգչախումբի տպաւորիչ ու ներդաշնակ երգեցողութիւններով։ Արդարեւ, Սեւան Ակօշեանի ղեկավարութեամբ եւ Էտվին Կալիպօղլուի երգեհոնի ընկերակցութեամբ բազմանդամ երգչախումբը գերազանց յաջողութեամբ կատարեց սրբազան երգեցողութիւնը, ինչ որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր անդրանիկ Ս. Պատարագի առթած տօնական ցնծութեան գրաւականներէն մին էր։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին բազմաթիւ սարկաւագներ եւ դպիրներ։ Դասին մէջ արարողութեան հետեւեցան այն բոլոր հայ կամ օտար բարձրաստիճան եկեղեցականները, որոնք շաբաթավերջի արարողութիւններուն համար արտասահմանէն ժամանած էին քաղաքս։ Անոնց միացած էին նաեւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու անդամները, որոնք եւս ամբողջական կազմով ներկայ էին արարողութեան։

Ս. Պատարագի ընթացքին Ճաշու գիրքը կարդաց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան միաբաններէն Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան։ Ճաշու Աւետարանի ընթերցումը կատարեց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ս. Ընծաներու Վերաբերումը ըրաւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։

Պատրիարքական անդրանիկ Ս. Պատարագի յատկանշական փուլերէն մին եղաւ յիշատակութեան պահը։ Այսպէս, նախ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Նորին Ամենապատուութեան հոգելոյս նախորդին՝ երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի համար։ Առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ իր հոգւոյ հանգստութեան համար։ Աւելի վերջ Ս. Պատարագը շարունակուեցաւ եւ յիշատակութեան պահուն առաջին անգամ նշուեցաւ Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Հօր անունը։

Անդրանիկ Ս. Պատարագի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը տուաւ օրուան պատգամը, որու ընթացքին առաջին հերթին Ս. Ծննդեան աւետիսով ողջունեց ամբողջ հոգեւորականաց դասն ու ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը։ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարէն շաբաթ մը վերջ տուած քարոզին մէջ ան խօսեցաւ Ս. Ծնունդի խորհուրդի մասին ու դիտել տուաւ, որ այնտեղ կայ Աստուծոյ կամքը, այնտեղ կան մահն ու կեանքը։ Ս. Ծնունդը կը բնորոշէ նոր սկիզբ մը եւ Քրիստոսի հետեւորդները 2020 տարիէ ի վեր կը տօնախմբեն այդ մէկը եւ 2020 տարի վերջ զիրար կ՚ողջունեն նոյն աւետիսով։ «Յիսուս եկաւ բաժանեալ մարդկութիւնը միացնելու. միացնելու իրարու եւ Աստուծոյ հետ», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ աւելցուց, որ Տէր Յիսուսի գործը միութիւնն էր, միութիւն ապահովելը։

Նորին Ամենապատուութիւնը նոյն նմանութիւնով մեկնաբանեց նաեւ իր մատուցած անդրանիկ Ս. Պատարագը, որ ունեցաւ միացնող ուժ մը եւ դարձաւ համապատասխան ազդակ մը։ Այսպէս, միացան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր նուիրապետական աթոռները։ Ան շարունակեց.

«Տէրը կ՚ուզէ մեզ ինքզինքին նմանցնել իր զոհաբերութեամբ։ Մենք պէտք է սորվինք Յիսուսին նայիլ։ Բոլոր ծաղիկները գեղեցիկ են, սակայն կայ արեւածաղիկը, որ միշտ կը դառնայ արեւուն եւ իր կեանքի կեդրոնը դարձուցած է արեւը։ Մենք ալ պէտք է մեր կեանքի կեդրոնը դարձնենք Քրիստոսը»։

Նկատի ունենալով, որ տարեմուտի փուլին կը գտնուինք՝ Նորին Ամենապատուութիւնը խօսեցաւ նաեւ Նոր տարուան մասին ու շեշտեց, որ այդ նորը գործի պիտի չծառայէ, եթէ մենք չնորոգուինք։ «Նոր պատրիարքով մենք պիտի նորոգուինք։ Մենք ստիպուած ենք փոխուելու ու նորոգուելու, համայնքային կեանքը վերափոխելու։ Բարի պտուղ ստանալու համար պէտք է ունենալ լաւ ծառ մը։ Ծառը մենք ենք ու ամէն ինչ պէտք է մենք մեզի համար խնդրենք։ Քրիստոսի պտուղները պէտք է արտադրուին», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ աւելցուց, որ յառաջիկայ շրջանին պիտի երեւայ, թէ մեր ժողովուրդը ինչպէ՛ս պիտի արձագանգէ իր նոր պատրիարքի կոչին։ 

Աւելի վերջ նորընտիր գահակալը դիտել տուաւ, որ եկեղեցին միշտ կը տօնէ սկիզբն ու վերջը։ «Աղօթեցէք, որ նոր պատրիարքը երբեք չմոռնայ, որ մահկանացու է։ Աղօթեցէք, որ միշտ Աստուծոյ երկիւղը ունենամ իմ մէջս», ըսաւ եւ կանխաւ ներողութիւն խնդրեց սխալներուն համար։ Ան բացատրեց, որ արեւուն վրայ ալ կան ախտեր եւ այս աշխարհի վրայ չկայ կատարեալ մարդ։ Յիսուսի ժառանգ թողած մեծագոյն ուսուցումն է ներելը եւ ներուիլը։

«Առանց ձեզի բան մը չի կրնար ընել այս նոր պատրիարքը։ Ձեր պատրիարքը ձեզի հետ միասին պիտի կատարէ իր գործը», ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը ու մաղթեց, որ մեր համայնքը վերստին միաւորուի այս նոր սկիզբով եւ շարունակէ իր ճանապարհորդութիւնը պատմութեան մէջ։

Անդրանիկ Ս. Պատարագի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ նաեւ աշխարհասփիւռ հայութեան՝ Հայաստանին եւ սփիւռքին։ «Մենք մէ՛կ ազգ ենք։ Մէ՛կ Եկեղեցւոյ զաւակ ենք։ Մեզ շատ բան կը կապէ իրարու, ճակատագրակից ենք։ Մենք միութեան խորհուրդներ ունինք ու որպէս մէկ ազգ հետեւինք անոնց։ Եկեղեցին կը միացնէ մեզ, ինչպէս այս պատարագը կը միացնէ մեզ», ընդգծեց նորընտիր պատրիարքը եւ յիշեցուց, որ դարը դժուար է հաւատացեալներուն համար եւ եկեղեցին այս մարտահրաւէրներու ժամանակաշրջանին պարտաւոր է տալու իր խրատը ժողովուրդին։

Քարոզի եզրափակիչ փուլին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կանգ առաւ աշակերտ մնալու խորհուրդին վրայ։ «Աղօթեցէք, որ պատրիարքը միշտ աշակերտ մնայ։ Միասնաբար մեծնանք։ Միասնաբար սորվինք մեր հայրերու անցած ճանապարհները, մարդկութեան ճամբաները եւ Ս. Աւետարանը», ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը ու շեշտեց, որ կեանքի ողջ տեւողութեան սրտին մէջ պիտի կրէ պատրիարքական Ս. Պատարագի օրուան քաղցր յիշատակը։

Քարոզէն վերջ Ս. Պատարագը շարունակուեցաւ Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ։ Պատարագիչ Պատրիարք Հօր ձեռամբ Ս. Հաղորդութիւն ստացան բազմաթիւ հաւատացեալներ, որոնց շարքին կը գտնուէին նաեւ համայնքային վարիչներ։

Արարողութեան աւարտին վերստին կազմուեցաւ ծանրաշուք թափօր մը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հաւատացեալներու բազմութիւնը ճեղքելով անցաւ անոնց մէջէն՝ բոլորին փոխանցելով իր օրհնութիւնը եւ առարկայ դառնալով անոնց որդիական համակրանքին։ Ելքի այս թափօրին ժամանակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մօտեցաւ գաւիթին մէջ տեղակայուած երգչախումբի անդամներուն եւ վարիչ Սեւան Ակօշեանի անձին մէջ բոլորին փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը։

Ամպհովանիի ներքեւ Նորին Ամենապատուութիւնը առաջնորդուեցաւ Պատրիարքարան, որու մուտքի աստիճաններուն վրայ ան արձակման օրհնութիւնը փոխանցեց ներկայ բոլոր հաւատացեալներուն։

Կէսօրուան ժամերուն, երբ պատրիարքական անդրանիկ Ս. Պատարագի արարողութիւնները արդէն հասած էին իրենց աւարտին, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն մասնակցեցան հոգեւորականաց դասն ու սահմանափակ թիւով շարք մը ազգայիններ, որոնք հերթական անգամ նորընտիր պատրիարքը շնորհաւորեցին՝ մաղթելով արեւշատութիւն եւ յաջողութիւն։

Երկուշաբթի, Յունուար 13, 2020