ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ
Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երդիքին տակ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ տարեմուտի աւանդական հոգեւոր համերգը, որ անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորած այս ծրագրի գեղարուեստական ղեկավարն էր Էտվին Կալիպօղլու։ Մեր եկեղեցիներու երգչախումբերու զանազան անդամներէն բաղկացեալ խումբ մը ներկայացաւ երաժշտասէրներուն։ Արդէն երգեցիկներու խումբին իւրաքանչիւր անդամը յայտնի եւ համակրելի դէմք մըն էր մեր երաժշտասէրներուն տեսակէտէ։ Անոնց միասնականութիւնը տուաւ ողջունելի արդիւնք մը՝ մանաւանդ, որ Կալիպօղլուի փորձառութիւնն ալ այդ ներդաշնակութիւնը երաշխաւորած էր։ Հոգեւոր համերգի երգացանկի բոլոր կտորները մեկնաբանուեցան այնքան տպաւորիչ ձեւով, վարպետօրէն՝ արժանանալով ներկաներու ծափահարութիւններուն։
Համերգի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։ Երեկոյթի աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։
Հուսկ, յարակից «Պալեան» սրահին մէջ, ատենապետ Կարօ Վարժապետեանի գլխաւորած Պէշիկթաշի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը ընդունելութիւն մը սարքեց ներկաներուն համար։ Այս փուլին ալ արուեստագէտները ջերմօրէն շրջապատուեցան բոլորին կողմէ՝ հաճելի զրոյցի եւ բարեմաղթանքներու փոխանակման մթնոլորտով։