ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՍԱՏԱՐՈՂԱՑ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին, որուն զուգահեռ նախատեսուած էր Գալֆաեան Տան ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Ակօշեանի։ Ի ժամ Ս. Պատարագի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը, նաեւ ուրար կրելու իրաւունք շնորհեց շարք մը դպիրներու։ Օրուան քարոզին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ երկրաշարժի սարսափելի աղէտին։ Ան ըսաւ, թէ մարդ արարածը բաւականաչափ լուրջ չի վերաբերուիր բնութեան եւ Աստուծոյ օրէնքներուն նկատմամբ։ Յամենայնդէպս, ան յորդորեց այս ծանր օրերուն ըլլալ միասնական, որպէսզի Աստուծոյ ողորմութեան կարենան արժանանալ բոլորը։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Ներկայ էր նաեւ քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան։ Հոգեհանգստեան պաշտօնի ընթացքին ոգեկոչուեցան Գալֆաեան ուխտի երջանկայիշատակ մայրապետները, քոյրերը, ինչպէս նաեւ որբանոցի բոլոր սատարողները եւ սպասաւորները։

Ս. Պատարագէն վերջ թէեւ պիտի սարքուէր սիրոյ սեղան, սակայն երկրաշարժին հետեւանքով յայտարարուած սուգին հետեւանքով աշխարհիկ հանդիսութիւնը արդէն ջնջուած էր։ Եկեղեցւոյ խորհրդարանին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մէկտեղուեցաւ Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Ալֆրէտ Սունայի եւ իր գործակից ընկերներուն հետ։ Ներկայ էին նաեւ նախկին խնամակալներ, կարգ մը ազգայիններ։ Սա Գալֆաեան Տան նոր խնամակալութեան պաշտօնավարութեան շրջանին կազմակերպուած առաջին հանգանակութիւնը եղաւ։ Մօտաւորապէս 3 միլիոն 500 հազար լիրայի կը հասնի Գալֆաեան Տան այս տարուան պիւտճէի բացը։ Երէկուան Ս. Պատարագին զուգահեռ ձեռնարկուած նուիրահաւաքով այդ գումարին մէկ մասը հազիւ հաւասարակշռուեցաւ։ Խնամակալութիւնը կը նախատեսէ յառաջիկայ շրջանին զանազան նախաձեռնութիւններով հաւասարակշռել դպրոցի տարեկան պիւտճէն։

Երկուշաբթի, Փետրուար 13, 2023