Տ. ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԱՂԷՏԻ ԳՕՏԻԷՆ
Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որ վերջին օրերուն մեկնած էր աղէտի գօտի, այսօր կէսօրուան ժամերուն վերադարձաւ քաղաքս։ Ինչպէս ծանօթ է, փոխանորդ տէր հայրը անցեալ հինգշաբթի երեկոյեան աղէտի գօտի մեկնած էր՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի տնօրինութեամբ։ Ուրբաթ օր, Մալաթիոյ հայկական գերեզմանատան մատրան մէջ տէր հայրը կատարած էր երկրաշարժի զոհ գացած Թապաշ ընտանիքի երեք անդամներուն յուղարկաւորութեան կարգը։ Օր մը վերջ՝ շաբաթ, նոյն մատրան մէջ տէր հայրը կատարեց նաեւ այս անգամ Մարիամ Քարաքաշի յուղարկաւորութիւնը։ Մարիամ Քարաքաշն ալ դժբախտաբար զոհ գացած է երկրաշարժին։ Ան քոյրն է Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ երբեմնի սպասաւորներէն բարեյիշատակ Յակոբ Սրկ. Քեսքինեանի։ Հոգելոյս Մարիամ Քարաքաշի յուղարկաւորութեան կարգը տեղի ունեցաւ գերեզմանատան մատրան մէջ եւ աւելի վերջ իր մարմինը ամփոփուեցաւ նոյն գերեզմանատան մէջ։
Երէկ առաւօտ, Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան Մալաթիայէն ցամաքի ճամբով անցաւ Տիարպաքըր։ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ ան կատարեց ժամերգութիւն, որու աւարտին Ս. Հաղորդութիւն մատակարարեց քրիստոնեայ հաւատացեալներուն։ Տէր հօր գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ սարսափելի երկրաշարժի զոհերուն համար։
Երէկ առաւօտեան արարողութիւններէն վերջ, Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան ուղեւորուեցաւ դէպի Տերիք, ուր այցելեց Ս. Գէորգ եկեղեցին։ Այստեղ եւս ան կատարեց ժամերգութեան արարողութիւն մը, որմէ վերջ վերադարձաւ Տիարպաքըր։ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան գիշերեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ յարակից՝ այժմ հիւրանոցի վերածուած երբեմնի հովուատան երդիքին տակ։ Այս առաւօտ ան հրաժեշտ առաւ Տիարպաքըրէն եւ օդային ճամբով կէսօրուան ժամերուն արդէն վերադարձաւ Իսթանպուլ։