ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐՈՒ ՄՐՑԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Գա­րա­կէօ­զեան Տան տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցան միջ­վար­ժա­րա­նա­յին մտա­խա­ղե­րը, ո­րոնք այս տա­րի 8-րդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուե­ցան։ Վար­ժա­րա­նի «Վա­հան Գար­թալ­լըօղ­լու» սրա­հի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցան մտա­խա­ղե­րը, ո­րոնց մաս­նակ­ցե­ցան տասն­մէկ միջ­նա­կար­գեր։ Թուր­քիոյ Ու­ղե­ղի խում­բի, Մտա­խա­ղե­րու հան­դէ­սի եւ Խել­քի միու­թեան կող­մէ ա­ջակ­ցու­թիւն բե­րուած էր այս ձեռ­նար­կի կազ­մա­կերպ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Բազ­մա­թիւ ճիւ­ղե­րու մէջ նա­խա­տե­սուած էին մտա­խա­ղե­րը, ո­րոնց մաս­նա­կից ա­շա­կեր­տա­կան խում­բե­րը որ­պէս ու­ղե­ցոյց ու­նէին նաեւ ի­րենց ու­սու­ցիչ-ու­սուց­չու­հի­նե­րը։ Գա­րա­կէօ­զեան Տան տիկ­նանց կազմն ալ այս ձեռ­նար­կին հա­մար բե­րած էր իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը։

Մտա­խա­ղե­րու սկիզ­բին ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց Գա­րա­կէօ­զեան Տան փոխ-տնօ­րէ­նու­հի Նա­րօտ Քու­րու­ղօղ­լու։ Դպրո­ցի ու­սուց­չու­հի­նե­րէն Նա­տին Քա­սը­մօղ­լուի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ գոր­ծադ­րուե­ցաւ յայ­տա­գի­րը։ Թուր­քիոյ Ու­ղե­ղի կազ­մէն Ֆեր­հատ Չա­լափ­քու­լուն ալ ող­ջու­նեց մաս­նա­կից­նե­րը։ Ան ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց, որ Գա­րա­կէօ­զեան վար­ժա­րա­նը 8-րդ ան­գամ կը կազ­մա­կեր­պէ այս ձեռ­նար­կը միջ­նա­կար­գե­րու մա­կար­դա­կով։ Չա­լափ­քու­լու տե­ղե­կա­ցուց նաեւ, որ նա­խակր­թա­րան­նե­րու մա­կար­դա­րով Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նը եւ լի­սէ­նե­րու մա­կար­դա­կով ալ Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քը պի­տի սկսին մտա­խա­ղեր կազ­մա­կեր­պել յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին։ Դար­ձեալ Թուր­քիոյ Ու­ղե­ղի խում­բէն Ֆա­թիհ Քա­մէր Ան­տա ա­շա­կերտ­նե­րուն տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց խա­ղե­րուն եւ կա­նոն­նե­րուն շուրջ։

Բաց­ման փու­լէն վերջ տղա­քը ամ­բող­ջա­կան կեդ­րո­նա­ցու­մով մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին մտա­խա­ղե­րուն։ Ար­դիւն­քին խմբա­յին դա­սա­ւոր­ման մէջ դափ­նե­կիր հան­դի­սա­ցան՝ Գա­րա­կէօ­զեան, Է­սաեան եւ Գալ­ֆաեան։ Ան­հա­տա­կան դա­սա­ւոր­ման մէջ ա­ռա­ջին ե­րեք շար­քե­րը զբա­ղե­ցու­ցին՝ Լա­ռա Քըր (Է­սաեան), Թա­րա Զիլ­ման (Գա­րա­կէօ­զեան) եւ Զէյ­նէփ Պա­քըր­ճըօղ­լու (Գալ­ֆաեան)։

Մտա­խա­ղե­րու ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ մրցա­նա­կա­բաշխ­ման հան­դի­սու­թիւն։ Այս փու­լին Գա­րա­կէօ­զեան Տան տնօ­րէ­նու­հի Ա­րու­սեակ Մո­նէ հան­դէս ե­կաւ շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քով մը։ Ան գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ մաս­նա­կից բո­լոր վար­ժա­րան­նե­րուն եւ ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար։ Մաս­նակ­ցու­թեան վկա­յա­կան­ներ յանձ­նուե­ցան վար­ժա­րան­նե­րուն եւ ա­նոնց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ու­սու­ցիչ­նե­րուն։ Դափ­նե­կիր­նե­րը ծա­փող­ջոյն­նե­րու ներ­քեւ ստա­ցան ի­րենց մե­տայլ­նե­րը։ Յու­շա­նուէր­ներ վե­րա­պա­հուած էին նաեւ Գա­րա­կէօ­զեան Տան տիկ­նանց կազ­մին եւ Թուր­քիոյ Ու­ղե­ղի խում­բին հա­մար։ Տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բին յու­շա­նուէ­րը ստա­ցաւ Հիլ­տա Վոլ­քան, իսկ Ֆեր­հատ Չա­լափ­քու­լուն եւ Ֆա­թիհ Քա­մէր Ան­տան միաս­նա­բար ստանձ­նե­ցին Թուր­քիոյ Ու­ղե­ղի խում­բին հա­մար պատ­րաս­տուած յու­շա­նուէ­րը։

Մրցա­նա­կա­բաշ­խան ա­ւար­տին հա­տուե­ցաւ կար­կան­դակ մը եւ սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն։

          

Երկուշաբթի, Մարտ 13, 2017