ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՍԵՂԱՆԻՆ ՇՈՒՐՋ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԺՈՂՈՎ

Պատրիարքարանի աղբիւրները կը տեղեկացնեն՝ երէկուան դռնփակ ժողովի մասին.-

Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր նախագահութեամբ՝ Կրօնական ժողովի անդամներու եւ համայնքային ու թաղային մարմիններու ատենապետներու մասնակցութեամբ 18 փետրուար 2020-ին կայացած խորհրդակցական հանդիպումին կազմուած Կեդրոնական սեղանը՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հրաւէրով, երէկ, յետմիջօրէին ունեցաւ իր անդրանիկ հանդիպումը՝ նախագահութեամբ Նորին Ամենապատուութեան։

Նորին Ամենապատուութեան արտասանած Տէրունական աղօթքով սկսած հանդիպումին, նախքան օրակարգը, առաջարկով խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ առողջապահական այժմէական հարցին՝ քորոնաժահրի հետ առընչուած լուրերու շուրջ։ Յայտնի դարձաւ, թէ այս ծանօթ առողջապահական հարցի կապակցութեամբ պաշտօնական մարմիններ արդէն իսկ պէտք եղած միջոցառումները ձեռք առած են եւ որոշուեցաւ պետական պաշտօնական զեկոյցներու եւ կամ հրահանգներու ուղղութեամբ ընթանալ, այս ուղղութեամբ մեր վարժարաններէն ու աղօթատեղիներէն ներս հարկաւոր միջոցառումներու դիմել։

Այս կարեւոր հարցին մասին կատարուած խորհրդակցութենէն յետոյ միաձայնութեամբ որոշուեցաւ նորակազմ սեղանը անուանել «Հայ հիմնարկներու միութեան վարչական խորհուրդ»։ Այս անունը որդեգրուեցաւ նկատի ունենալով մեր համայնքային ու թաղային հիմնարկներու մէկտեղումը որոշուած էր կոչել «Հայ հիմնարկներու միութիւն», որ վերանուանումն էր «Հիմնարկներու միջեւ երկխօսութեան հարթակ», այսինքն VADİP անուան։

Ձեռնարկուեցաւ դիւանի կազմութեան, որուն կ՚անդամակցին Պետրոս Շիրինօղլու (ատենապետ), Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ Իսքէնտէր Շահինկէօզ (փոխ-ատենապետներ), Յարութիւն Շանլը (ատենադպիր), Սարվէն Սերթշիմշէք, Գրիգոր Ա. Քահանայ Տամատեան։ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու ստանձնեց աշխատանքային խումբի համակարգչի պաշտօնը։

Յետխորհրդակցութեան որոշուեցաւ կանոնագրութեանց մշակման աշխատանքները տանիլ ներխմբային խորհրդակցութեամբ եւ նկատի ունենալով ի ձեռին գտնուած կանոնները, ի պահանջել հարկին դիմելով իրաւաբաններու։ Բնականաբար տարուած աշխատանքներէն յետոյ պատրաստելի կանոնագրի շուրջ տեսակցութիւններ պիտի ըլլան պաշտօնական պատկան իշխանութեանց հետ։

Նկատելով, որ համայնքային կեանքէ ներս համայնքային եւ թաղային հիմնարկներու միջեւ տնտեսական զօրակցութիւն մը ապահովելու լուրջ պահանջքը կար, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առաջարկով եւ միաձայնութեամբ կազմուեցաւ Տնտեսական զօրակցութեան յանձնախումբը, որուն կ՚անդամակցին Պետրոս Շիրինօղլու, Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Իսքէնտէր Շահինկէօզ, Թորոս Ալճան, Սիմոն Չեքէմ, Սարվէն Սերթշիմշէք, Վարուժան Մաղաքեան, Յարութիւն Շանլը, ՍԷՎ հիմնարկէն՝ Արէտ Երկանեան եւ Հայկ Ասլանեան։ Յանձնախումբը կը գլխաւորէ Նորին Ամենապատուութիւնը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց  ներկաներու մասնակցութեան համար եւ արձակման աղօթքով վերջացաւ հանդիպումը։  

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2020