ՃԻՆՃԻՕՂԼՈՒԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Յայտնի նկարչուհի Գարին Ճինճիօղլու այս օրերուն բացած է ցուցահանդէս մը, որ տեղի կ՚ունենայ Նշանթաշըի «ART 212» գեղարուեստասրահին մէջ։ Հարկ է նշել, որ այս ցուցահանդէսին հասոյթը պիտի տրամադրուի Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին։ Բաց աստի, նկարչուհի Գարին Ճինճիօղլու որոշած է իր այս նոր ցուցահանդէսին համար բացման ընդունելութիւն չկազմակերպել եւ փոխարէնը համապատասխան գումարը տրամադրած է Վաքըֆլըգիւղի աղէտեալներու զօրակցութեան։

Իրականութեան մէջ Գարին Ճինճիօղլուի այս ցուցահանդէսը նախատեսուած էր շուրջ երեք տարի առաջ, սակայն, համավարակի հետեւանքով արդէն ակամայ յետաձգուած էր եւ արդէն ներկայիս կեանքի կը կոչուի։ Համակրելի արուեստագիտուհին ներկայիս կը ծրագրէ իր զօրակցութեան առարկայ դարձնել պոլսահայ վարժարանները։ Ան աւելի առաջ ցուցահանդէս մը կազմակերպած էր Գալֆաեան Տան ի նպաստ։ Ներկայ ցուցահանդէսէն վերջ, Գարին Ճինճիօղլու կը նախատեսէ նաեւ նման նախագիծ մը կեանքի կոչել՝ այս անգամ ի նպաստ Կեդրոնական վարժարանին։

Գարին Ճինճիօղլուի այս անգամուան ցուցահանդէսը կը կոչուի «Իմ գրկիս գոյները»։ Ան իր սերունդի եզակի արուեստագիտուհիներէն մին է, երկար տարիներէ ի վեր իր գեղարուեստական գործունէութիւնով կ՚արժանանայ բոլորի ուշադրութեան եւ գնահատանքին։

Գարին Ճինճիօղլուի ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ մարտի 16-ը։

Երկուշաբթի, Մարտ 13, 2023