ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ՏՕՆԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔՆԵՐ

Շիշ­լի մար­զա­կում­բի վար­չու­թիւ­նը Ս. Զատ­կի առ­թիւ խրախ­ճանք­ներ կազ­մա­կեր­պեց իր ձմրան դա­սըն­թացք­նե­րուն մաս­նա­կից ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Շիշ­լիի դա­սըն­թացք­նե­րը տե­ղի կ՚ու­նե­նան թէ՛ ա­կում­բի հա­ւա­քա­տե­ղիի մար­զաս­րա­հին եւ թէ Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի «Եդ­քին Պէր­պէ­րօղ­լու» մար­զաս­րա­հին մէջ։ Բազ­մա­տաս­նեակ պա­տա­նի­ներ մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րեն այս դա­սըն­թացք­նե­րուն։ Շիշ­լի մար­զա­կում­բի վար­չու­թիւ­նը մէկ կող­մէ կը փոր­ձէ ա­նոնց մարզ­ման հա­մար լաւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ըն­ձե­ռել եւ թէ միւս կող­մէ այդ բազ­մա­տաս­նեակ պա­տա­նի­նե­րը կը ձգտի պա­հել հա­մա­խումբ ու մեր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն հա­ղորդ։ Այս ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ Ս. Զատ­կի տօ­նա­կան շրջա­նին Շիշ­լիի դա­սըն­թացք­նե­րու մաս­նա­կից տղոց հա­մար կազ­մա­կեր­պուե­ցան խրախ­ճանք­ներ, ո­րոնք ան­ցան շատ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Շիշ­լիի վար­չա­յին­նե­րը ա­ւան­դա­կան կար­միր հաւ­կիթ­ներ պատ­րաս­տած էին պա­տա­նի մար­զիկ­նե­րուն եւ ա­նոնց մար­զիչ­նե­րուն հա­մար։ Տղա­քը մեծ ու­րա­խու­թեամբ ստա­ցան ի­րենց հաւ­կիթ­նե­րը եւ զի­րար շնոր­հա­ւո­րե­ցին Ս. Զատ­կի տօ­նին առ­թիւ։ Բնա­կա­նա­բար, հաւ­կիթ­նե­րը ստա­նա­լէ ան­մի­ջա­պէս վերջ ա­նոնք բռնուե­ցան հաւկ­թա­մար­տի։

 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2017