ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐ

Մարտինի ՀՏՓ-ական երեսփոխան Թումա Չելիք զօրակցութեան նամակներ ուղարկեց Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր կեդրոններուն։ Ան այս քայլը առած է «Gerçek Hayat» պարբերաթերթին կողմէ վերջերս կատարուած հրատարակութիւններուն բերումով։ Ինչպէս ծանօթ է, Պատրիարքական Աթոռը շաբաթավերջին այս կապակցութեամբ հանդէս եկած էր բողոքի արտայայտութիւնով մը։ Նոյն կապակցութեամբ պատգամաւոր Թումա Չելիքն ալ զօրակցութեան նամակներ ուղարկած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանին, Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանին եւ Հրէից խախամապետարանին։

Երեսփոխանի գրասենեակին կողմէ կատարուած հաղորդումներով՝ նամակին մէջ ան խոր ցաւ յայտնած է յիշեալ պարբերականին կողմէ հոգեւոր առաջնորդներուն դէմ կատարուած յարձակման բերումով։ Ըստ Թումա Չելիքի, ատելութեան խօսոյթը, առանց խտրականութեան, բացայայտօրէն կը սպառնայ բոլորի ապագային։ Ան հոգեւոր առաջնորդներու նկատառման յանձնեց, որ ատելութեան կլիմայի դէմ հասարակաց պայքարի ճանապարհին միշտ անոնց կողքին դիրք պիտի գրաւէ։

Միեւնոյն ժամանակ, նամակին մէջ երեսփոխան Չելիք տեղեկացուցած է, որ դատական իշխանութիւններուն դիմած է անոնց դէմ, որոնք ատելութեան խօսոյթի ծնունդ կու տան եւ բացայայտօրէն կը թիրախաւորեն հոգեւոր առաջնորդները։ Ան խոստացած է հետեւողական ըլլալ այս գործընթացի պարագային։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2020