ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէճթեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ, հանգուցեալ մարզիկ Ալեքսան Տատեանի յիշատակին կազմակերպուած ֆութպոլի մրցաշարքը այս տարի եւս մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ։ Միջվարժարանային այս մրցաշարքի եզրափակիչ խաղերը երէկ տեղի ունեցան Ֆէրիգիւղի մէջ, Թաքսիմ ակումբի մարզադաշտին վրայ։ Իր նմաններու շարքին 7-րդ այս մրցաշարքին մասնակցեցաւ 11 խումբ։ Կազմակերպչական աշխատանքները համակարգեց Մէրամէթճեան վարժարանի մարզանքի ուսուցիչ Գամէր Տիւվենճի։

Մրցաշարքի առաջինը հանդիսացաւ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի խումբը, որուն յաջորդեցին Գարակէօզեանը, Մէրամէթճեանն ու Պէզճեանը։

Մինչ դափնեկիրները մրցաշարքի աւարտին ստացան իրենց պարգեւները, Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Սեսիլ Քարահիսարիտիսն ալ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։

Մրցաշարքի աւարտականին հետեւեցան նաեւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր գործակից ընկերները։

Շաբաթ, Մայիս 13, 2023