ՄԻՋԼԻՍԷԱԿԱՆ ՅԱՋՈՂ ՄՏԱԽԱՂԵՐ

Շաբաթավերջին Ս. Խաչ դպրեվանքի նախաձեռնութեամբ պոլսահայ հինգ լիսէներու սաները մէկտեղուեցան մտախաղերու առթիւ։ Իր տեսակին մէջ 7-րդ այս մրցաշարքը կազմակերպուած էր Թուրքիոյ ուղեղի խումբին եւ Մտախաղերու կազմակերպութեան հետ համագործակցութեամբ։ Համայնքային հինգ լիսէներէն 33 աշակերտներ Դպրեվանքի սրահին մէջ չափեցին իրենց գիտելիքները՝ թուաբանութենէ սկսեալ մինչեւ բառախաղերը, զանազան ճիւղերու մէջ։

Մտախաղերու արդիւնքին առաջին հորիզոնականը զբաղեցուց Սահակեան-Նունեան լիսէն, որուն յաջորդեցին Էսաեանն ու Դպրեվանքը։ Անհատական գետնի վրայ յաջողագոյնը դասուեցաւ Էմիլ Յակոբեան (Էսաեան), որուն յաջորդեցին Արաս Էօզքայա (Դպրեվանք) եւ Արտա Արըք (Մխիթարեան)։

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տնօրէն Սերքան Քըյըճըի գլխաւորութեամբ հիւրընկալ դպրոցի երդիքին տակ մրցաշարքի բոլոր մասնակիցները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան։

Երկուշաբթի, Մայիս 13, 2024