ՈԳԵՒՈՐ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ
Անմոռանալի նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակին կազմակերպուած 9-րդ նկարչութեան մրցոյթի մրցանակաբաշխման արարողութիւնը շաբաթավերջին առիթ ընձեռեց մեծ ոգեւորութեան։ Նկարչուհիի հարազատներուն կողմէ, անոր անունով հաստատուած հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մրցոյթն ու մրցանակաբաշխման արարողութիւնը այս տարի եւս անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձան։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ, ուր համախմբուած էին հոգեւոր հայրեր, կրթական մշակներ, նկարչութեան ուսուցիչներ, մասնակից աշակերտներու ծնողներ եւ հիւրեր։
Բացի «Քրիստին Սալերի» հիմնարկի ներկայացուցիչ Ռեհան Սարըպայէն, մրցոյթի դատակազմին մէջ էին՝ Իտա Գահրաման, Ժպիտ Պէրպէրեան, Մայտա Սարիս, Արթին Տեմիրճի եւ Ռուբէն Էրոլ Քիւրքճիւօղլու։
Ըստ արդիւնքներուն՝ նախակրթարաններու դասաւորման մէջ յաջողագոյնը դասուեցաւ՝ Թոպիաս Կիւնայ (Սահակեան-Նունեան վարժարան), որուն յաջորդեցին Բարին Տեմիր (Եշիլգիւղի վարժարան) եւ Նարինէ Սարգսեան («Հրանդ Տինք» վարժարան)։ Խրախուսանքի արժանի դասուեցան՝ Սամաթիոյ Անարատ-Յղութիւն վարժարանի սաներէն Նոյան Եըլտըզ եւ Մխիթարեանէն Միլա Տաքաթ։
Միջնակարգերու դասաւորման մէջ առաջին դասուեցաւ Սարին Ատա (Մէրամէթճեան վարժարան), որուն յաջորդեցին Քրիս Շեփիքլեան (Արամեան-Ունճեան վարժարան) եւ Արաս Սարաչօղլու (Մխիթարեան)։ Այս դասաւորման մէջ խրախուսանքի արժանի դասուեցաւ Արաս Պոյաճըօղլու (Մխիթարեան)։
Լիսէականներու դասաւորման մէջ առաջին երկու հորիզոնականները զբաղեցուցին Մխիթարեանի սաներէն Նորա Տավուլճեան եւ Նիքոլ Քազիքօղլու, որոնց յաջորդեց Կեդրոնականէն Արեւ Սեթեան։ Մանսիոնի արժանացան՝ Ասիա Յակոբեան (Էսաեան) եւ Իզլա Աճար (Կեդրոնական)։
«Նանսէն» մրցանակն ալ ստացաւ Հայկ Չալըշ (Սահակեան-Նունեան վարժարան)։
Կը շնորհաւորենք մրցաշարքի բոլոր մասնակիցները, դափնեկիրները, կազմակերպիչներն ու դատակազմի անդամները։