ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՅՈՒԶԻՉ ՀՐԱԺԵՇՏԸ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտութեան հանդէսը կայացաւ թաղի եկեղեցւոյ «Իլգգան» սրահին մէջ։ Ներկայ էին տեղւոյն թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մուրատ Չաքանի, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Եդուարդ Հարբութ, Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքա, նախկին ատենապետուհի ու բարերար Մոնիք Երկանեան, ծնողաց միութենէն անդամներ, կրթական մշակներ եւ հրաւիրեալներ։ Յայտագրի տեւողութեան արտայայտուեցան տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան, Մուրատ Չաքան եւ Եդուարդ Հարբութ, որոնք շնորհաւորեցին շրջանաւարտները։
Այնուհետեւ աւարտական դասարանի սաները ներկայացուցին հայերէն, թրքերէն ու անգլերէն թատերախաղեր, երգեր ու պարեր։ Հանդիսութեան աւարտին սաները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին Մոնիք Երկանեանին, թաղային խորհուրդի միւս անդամներուն, բարերարներուն եւ կրթական մշակներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք մեծ զոհողութիւններ ըրած էին իրենց համար։ Դասարանի ուսուցչուհի Լուսիա Քըլընչլը ալ արտասանեց իր սրտի խօսքը եւ բարի երթ մաղթեց իր սաներուն։ Այնուհետեւ վկայականներ եւ յուշանուէրներ յանձնուեցան յաջող աշակերտներուն։ Աւարտական դասարանի առաջինը հանդիսացած Լեռնա Թումայեան ստացաւ «Սարայլը»ի յուշանուէրը ընտանիքի անդամներէն Թալին Տիքիճիի ձեռամբ։ Երկրորդ եւ երրորդ հանդիսացած Արտէն Քազ ու Սեւակ Պալճը ալ ողբացեալ Վահրամ Գաբրիէլեանի կտակի նուէրը ստացան Սիլվա Թրիքայի ձեռամբ։ Մուրատ Չաքան Մատլէն Ասլանեանի ոսկի նուէրը յանձնեց չորրորդ հանդիսացած Մանուէլ Քերթմիշին։ Իսկ հինգերորդ հանդիսացած Արթիւր Խաչեմանայվալեան արժանացաւ ոսկի նուէրի մը, տրամադրուած անյայտ բարերարի մը կողմէ, ձեռամբ թաղային խորհուրդէն Մարգրիտ Նալպանտղազարօղլուի։
Վազգէն Վարդանօղլու, որ ներկայ էր հանդիսութեան, բոլոր դասարաններու ամենայաջող սաներուն, իսկ աւարտական դասարանի յաջողագոյն երեք սաներուն նուիրեց հերծիկներ։
Աւարատական դասարանի սաներն ու ծնողները ապա միասնաբար նկարուեցան, կտրեցին աւանդական կարկանդակը, վայելեցին պարտէզի մէջ սարքուած ընդունելութիւնը։