ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԵՐԵԿՈՅԹ ՄԸ ՊԷԶՃԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւար­տից հան­դէ­սը տե­ղի ու­նե­ցաւ Գում­գա­բուի Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից «Յա­րու­թիւն Ա­մի­րա Պէզ­ճեան» սրա­հին մէջ։ Ձեր­նար­կին ներ­կայ էին տեղ­ւոյն թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Հրանդ Մոս­կո­ֆեան եւ իր լծա­կից ըն­կեր­նե­րը, հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սե­ւան Կիւ­րին, տնօ­րէ­նու­հի Ե­ղի­սա­բէթ Չա­թա­նաս­լան, հրա­ւի­րեալ­ներ ու ա­շա­կերտ­ներ։ Մտեր­միկ ու ո­գե­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ տղա­քը վա­յե­լե­ցին ի­րենց այս ա­մե­նաեր­ջա­նիկ օ­րը՝ ար­ժա­նա­նա­լով Մայր վար­ժա­րա­նի վա­րիչ­նե­րուն ու ու­սուց­չաց կազ­մին մօ­տիկ հե­տաքրք­րու­թեան ու ջերմ գուր­գու­րան­քին։ Ար­տա­սա­նուած սրտի խօս­քե­րով եւ յանձ­նուած յու­շա­նուէր­նե­րով հա­րուստ յայ­տա­գի­րը իր գա­գաթ­նա­կէ­տին հա­սաւ, երբ սրահ բե­րուե­ցաւ կար­կան­դա­կը։ Այս առ­թիւ «Սա­րայ­լը» մրցա­նա­կին ար­ժա­նա­ցաւ վար­ժա­րա­նի երկ­րոր­դը եւ «Թէօք»ի քննու­թեան ա­ռա­ջի­նը հան­դի­սա­ցած Ար­մատ Չա­քա­րօղ­լու։ Մատ­լէն Աս­լա­նեա­նի նուէ­րը յանձ­նուե­ցաւ Պէզճեան Մայր վար­ժա­րա­նի այս տարուան ա­ռա­ջի­նին՝ Թա­լիա Ա­րա­պօղ­լուի­ն։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015