ՇԻՇԼԻԻ ՎՈԼԷՅՊՈԼԻ ԿԱՆԱՆՑ ԿԱԶՄԻՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Շիշլի մարզակումբի վոլէյպոլի կանանց կազմը փայլուն արդիւնքով մը եզրափակեց 2016-2017 եղանակը։ Այսպէս, շիշլիցիները Իսթանպուլի լիկը աւարտեցին 4-րդ կարգի վրայ։ Հարկ է նշել, որ այս մրցաշարքին ներգրաւուած էին 22 խումբեր։ Շիշլի բարձրացաւ մինչեւ կէսաւարտական։ Աւագ մարզիչ Ալէն Նարսիւզի գլխաւորութեամբ՝ շիշլիցիները 14 մրցումներուն ապահովեցին 12 յաղթանակ։ Այս փայլուն յաջողութեան հիման վրայ անոնք արդէն զբաղեցուցին 4-րդ հորիզոնականը, ինչ որ բացառիկ արդիւնք մը կը նկատուի։ Ալէն Նարսիւզ յայտնեց, որ յառաջիկայ եղանակին աւելի յաւակնոտ ձեւով պիտի մասնակցին մրցումներուն։

Վոլէյպոլի կազմին այս յաջողութիւնը մեծ ուրախութեան առիթ հանդիսացաւ Շիշլիի ընտանիքէն ներս։ Մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ իր ընկերները ջերմօրէն շնորհաւորեցին Ալէն Նարսիւզը եւ իր սաները։

Երեքշաբթի, Յունիս 13, 2017