ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի 2017-2018 կրթական շրջանի հունձքը հրաժեշտ առաւ փայլուն հանդէսով մը։ Գատըգիւղի ընտանիքին տեսակէտէ մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը։ Ներկաներու շարքին էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի Վերժին Պիւքիւճեան, ուսուցչական կազմը, ծնողներ եւ հիւրեր։ Դպրոցը այս տարի ունի 17 շրջանաւարտ։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Ժասմին Սիլիֆքէլիի եւ Նարէ Քիւլէկէչի։ Տղաքը ծափահարութիւններու արժանացան իրենց ելոյթներով։ Դասարանի ուսուցչուհի Նաժտա Տեմիրճիօղլու արտասանեց շնորհաւորութեան խօսք մը։ Շրջանաւարտներուն անունով արտայայտուեցաւ Առլէն Ազարեան։ Ծնողներուն անունով խօսք ըսաւ Նուրիձա Տէյիրմենճի։ Շնորհաւորութեան խօսք մըն ալ արտասանեց փոխ-տնօրէնուհի Հաթիճէ Ատանըր։

Տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի շնորհաւորութեան խօսքէն վերջ բաժնըւեցան վկայականները։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին պարտէզին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 13, 2018