ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԳՐԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍ՝ ՁՕՆՈՒԱԾ ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԻ 140-ԱՄԵԱԿԻՆ

Էսաեան վարժարանի մէջ 2017-2018 կրթական շրջանի վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ գրական հանդէս մը, որ ձօնուած էր անմահ բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի ծննդեան 140-ամեակի յոբելեանին։ Լիսէի բաժնի աշակերտները մասնակցութիւն բերին յայտագրին, որով արժեւորուեցաւ Վահան Թէքէեանի կեանքն ու գործունէութիւնը։

Հանդէսի սկիզբին ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, որ մանրամասնութիւններ կը բովանդակէր Թէքէեանի մասին։ Ապա Թէքէեանի գործերէն նմոյշներ ներկայացնելու համար իրերայաջորդ հանդէս եկան աշակերտներէն՝ Արիս Նշան, Էտկար Իգիթեան, Արիս Թիրեաքեան, Երազ Իւլկէն,  Տուրու Աճէմօղլու ներկայացուցին  հեղինակին կեանքն ու գործը, իսկ  Վարդան Թէրզեան, Ատենիա Քէշիշօղլու, Նաթալի Մաշալը, Աննա Իվանեան, Մելիսսա Քալտըլը, Սարգիս Ապուշք, Անդրանիկ Պաքըրճըօղլու, Մատլէն Պոյաճը, Արեւ Ելեկէն, Շանթ Շիմշեքչաք, Նարօ Փիոսեան, Յարութիւն Վարդանեան, Մանէ Գոփար, Էտկար Իգիթեան, Նայիրի եւ Սեւակ Պիւյիւքսիմքէշեան, որոնց բոլորն ալ արժանացան ծափահարութիւններու։

Էտկար Իգիթեանի կիթառի նուագներու ընկերակցութեամբ, «Եկեղեցին հայկական»ը երգեցին Սուզաննա Իգիթեան եւ Էլէն Դարբինեան։

Հանդէսը աւարտին հասաւ տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանի խօսքով։

Ձեռնարկի առթիւ պատրաստուած էր նաեւ գրքոյկ մը, որուն մէջ ծրագ-րին մասնակից աշակերտները արտայայտած էին իրենց զգացումները։

Չորեքշաբթի, Յունիս 13, 2018