ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԻՐ ԱԹՈՌԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն վերադարձաւ իր Աթոռը։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շուրջ շաբաթէ մը ի վեր կը գտնուէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուր մասնակցեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) նստաշրջանին։ Նորին Ամենապատուութեան հետ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մեկնած էին նաեւ Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան եւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, որոնք Պոլսոյ Աթոռին անունով մասնակցութիւն բերին միաբանական հաւաքին։ Իր կեցութեան օրերուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնակցեցաւ նաեւ Կաթուղիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնի արարողութիւններուն, որոնց ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Այս բոլորէն վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ երեկոյեան հրաժեշտ տուաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ ճանապարհի աղօթքը ընելէ վերջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հրաժեշտ առաւ՝ ուղեկցութեամբ այն բարձրաստիճան հոգեւորականներուն, որոնք զինքը առաջնորդեցին դէպի Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը։ Դէպի Իսթանպուլ ուղիղ թռիչքով, այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն Նորին Ամենապատուութիւնը վերադարձաւ քաղաքս։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024