ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ
Մխիթարեան վարժարանին մէջ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդիսութիւնը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Մանկապարտիզպանուհիներէն Թանիա Փաքէրթիքի ողջոյնի խօսքով սկսաւ հանդիսութիւնը, որմէ վերջ արտայայտուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան։ Տղաքը շնորհաւորեց վարժարանի նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկը։ Մանկապարտէզի փոքրիկներու ծնողներուն անունով արտայայտուեցաւ Սէրտա Գարակէօզեան։ Մխիթարեանցի սկսնակ սաները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով, որոնց աւարտին վարժարանի պարտէզին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։ Փոքրիկները համտեսեեցին իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը եւ իրարու հրաժեշտ տուին՝ ամրան արձակուրդէն վերջ դպրոցին մէջ զիրար վերագտնելու համար։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024