ՊԵՏԻ ԶԻՎԷՐԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, Շաբաթ, կէսօրուան ժամերուն տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Պետի Զիվէրի յուղարկաւորութեան փառաշուք արարողութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, Պետի Զիվէրի կորուստը վերջին օրերուն խոր ցաւ յառաջացուց համայնքային շրջանակներուն մօտ, ուր ան կը վայելէր մեծ յարգանք ու համակրանք։ Ի շարունակութիւն, համայնքային շրջանակները յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուին Պետի Զիվէրին, անկեղծօրէն վշտակցելով նաեւ անոր հարազատներուն։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանն ալ այս առթիւ փութացած էին ցաւակցութիւն յայտնելու Պետի Զիվէրի ընտանիքին։
Լուսաշող տաճարին կեդրոնը, մահաբեմին վրայ զետեղուած էր Պետի Զիվէրի դագաղը, որու շուրջ համախմբուած յուղարկաւորները իրենց խոնարհումը բերին անոր բարի յիշատակին առջեւ եւ մատուցին իրենց վերջին յարգանքը։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ խօսեցաւ նաեւ կուռ դամբանական մը՝ բարձր գնահատելով հանգուցեալին մատուցած ծառայութիւնները։ Յուղարկաւորներու կարգին էին ներկայացուցիչները այն համայնքային հաստատութիւններուն, որոնց համար իր անմնացորդ ծառայութիւնը բերած էր հանգուցեալը։ Այսպէս, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան, Ղալաթիոյ խնամակալութեան, Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն։
Յաւարտ յուղարկաւորութեան արարողութեան, հանգուցեալին մարմինը ամփոփուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ։